İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԱՆՈՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, 1 Յունուար 2023, Կիրակի առաւօտ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ամանորի Ս. Պատարագ։

Ս. Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Ժիլպէռ Էրճան Սրկ. Գարափէքմէզ, Բրշ. Գրիգոր Սրկ. Սամուէլեան, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Արարողութեան ներկայ էր Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան:

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ Վառվառեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Յովսէփ ուր. Դպ. Գույումճեանի:

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Պատրիարք Հայրը Ամանորի Ս. Պատարագի ընթացքին շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ անդրադարձաւ նորութեան ու նորոգութեան գաղափարներուն։ Սակայն Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, թէ տարբեր բաներ են նորութիւնն ու փոփոխութիւնը։ «Մարդը նորութեան հետ խնդիր ունի, ան փոփոխութիւններ կ’ուզէ»։ Մենք ընդհանրապէս փոփոխութիւնները նորութիւն կը կարծենք։ Աստուած միայն նոր բան կը ստեղծէ։ Տիեզերքի ու մարդու արարչութիւնը նորութիւն էր։ Մեր կեանքերուն մէջ նորութիւններ ինչպէ՞ս պիտի պատահին։ Երբ նորութիւն չկայ, մարդ կը բաւարարուի փոփոխութիւններով։ Նորութիւնը ներսէն կու գայ։ Նորութիւնը հոգիի դարմացումն է, իսկ փոփոխւոթիւնը՝ տիեզերքի օրէնքն է։ Մարդ փոփոխութիւններուն ետեւէն է, սակայն այս մէկը նորութիւն չէ։ Մեզի փոփոխութիւն պէտք չէ, մեզի նորութիւն ու նորոգութիւն պէտք է։ Ատիկա միայն երկինքէն կու գայ։ Նորութիւնը տեղի կ’ունենայ մարդու հոգիին մէջ։ Տէր Յիսուս կ’ըսէ. Եթէ նորութիւն կ’ուզէք, պէտք է ուզէք փոխել ձեր ամբողջ կեանքը։ Հոգեգալուստի օրը եղածը այդ էր։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ Աստուած-մարդ խզուած կապը վերահաստատուեցաւ։ Ս. Հոգին պատրաստ է մեզի նորութիւններ շնորհելու։ Ան միշտ կրնայ մեզ նորոգել։ Երբ կ’ուզէք նորոգուիլ, պէտք է դիմէք Տէր Յիսուս Քրիստոսին։ Երբ մենք դիմենք Աստուծոյ, Ան պիտի չմերժէ մեզ։ Մենք պէտք է նորոգուելու փափաքը ունենանք, սակայն նորոգողը պիտի ըլլայ նոյնինքն Տէր Աստուած։

Նորոգութիւնն է կարեւորը ու միակ նորոգիչը Աստուած ինքն է։ նոր տարին մեզ այս է որ կը յուշէ։ Նորոգուինք անհատապէս, նորոգուինք ազգովին, մեր մէջ ունենալով Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Պէտք է փոխուինք, սակայն այդ փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ հիմնական նորոգութեամբ։ Նորոգութեան աղբիւրը պիտի ըլլայ աղօթքը, քանի առանց աղօթքի կարելի չէ կապ պահել Աստուծոյ հետ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նուռի օրհնութիւն, նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.youtube.com/watch?v=iM1apJUge2s ):

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın