İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԵՒԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱՒՈՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 21 Դեկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի երեկոյեան օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա, մասնակցելու համար Նախագահական Մշակոյթի եւ Արուեստի Մեծ Մրցանակներու մրցանակաբաշխութեան հանդէսին։

Հանդիսութիւնը կայացաւ Պէշթէփէյի Միլլէթ Մշակոյթի կեդրոնին մէջ, գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի։

Ի շարս զանազան մրցանակաւորներու, Նախագահ Էրտօղանի ձեռամբ արհեստի գետնի վրայ մրցանակ տրուեցաւ նաեւ համայնքիս անդամներէն հանրածանօթ ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըի։

Վսեմ. Նախագահը մի առ մի գնահատեց իւրաքանչիւր մրցանակաւորը եւ վեր առաւ զանազան բնագաւառներու մէջ այս երկրի մէջ իրենց ծառայութիւններն ու յաջողութիւնները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Սեւան Պըչաքճըն եւ միւս մրցանակաւորները։

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն գիշեր Աթոռ վերադարձաւ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın