İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻՆ ԻՐ ԱՆՑԵԱԼՈՎ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՎ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Անցեալ օր մերիններուն հետ կր խօսէինք անցեալի մէջ մնացած կարգ մը եղելութիւններու ու անոնցմէ յամեցող յիշատակներու մասին։ Խօսքը եկաւ ու սկսաւ դառնալ Գնալը կղզիի շուրջ ու այդ վայրկեանին իսկ սրտիս մէջ տխուր զգայնութիւն մը ծագեցաւ։ Ես ինծի հարցուցի թէ վերջին անգամ ե՞րբ էր որ Գնալը գացած էի։ Ե՞րբ։ Քա՞նի տարի առաջ։ Ամառուան եղանակին թերեւս օրը տասն անգամ կը խօսէինք Գնալըի մասին, բայց այլեւս առիթն ու կարելիութիւնը չէի ունեցած Գնալը երթալու։

Իշխանաց չորս կղզիներէն առաջինն է Գնալը կղզին ու չես գիտեր ինչու, այս կղզին մասնաւոր հմայք մը ունեցեր է Պոլսահայ մեր ժողովուրդին աչքին, հայերը մեծամասնութեամբ Գնալը կղզին ընտրեր են որպէս ամարանոց, տուներ գներ են հոնկէ, ազգային քանի մը հաստատութիւններու սենեակներ բացեր են հոն, մեր երախաներուն համար հոն հիմներ են Կազդուրման Կայան, Պատրիարքարանի համար ալ այդ կղզին դարձուցեր են ամարանոց։ Կը կարծեմ որ սխալ բան չեմ ըսեր եթէ ըսեմ որ Գնալը կղզին վերջին տասնամեակներու ընթացքին հետզհետէ աւելի զարգացեր է, բաւական սուղ ամարանոց մը դարձեր է մերիններէն հոն տուն չունեցողներու համար, օգտակար խանութներ բացուեր են իրերայաջորդ կերպով, կղզին վերջին հաշուով դարձեր է փոքրիկ Հայաստան մը։

Տարիներ առաջ Գնալը Կղզիի մասին բառախաղ մը կը գործածուէր։ Կþըսուէր որ երբ Գնալը ըսուի, կը հասկցուի՝ «հով, ծով, սով, կով»։ Կղզիին հիմնական կողմերը այս բառերով կը յայտնուէին ուրեմն։ Տեւաբար փչող, երբեմն մսեցնող, երբեմն ալ հաճելի զովութիւն մը պարգեւող հով մը, լոգանք առնելու համար շատ յարմար ծով մը, բաւարար խանութներու չգոյութեան պատճառաւ տիրող սով մը, եւ վերջապէս մէջտեղերը ազատօրէն պտըտող կովեր։

Հով, ծով, սով ու կով։ Լաւ բառախաղ է, բայց եթէ արտօնուի, ես բառ մը եւս պիտի աւելցնեմ այս չորս նմանահնչիւն բառերուն վրայ։ Ատիկա «Զով» բառն է։ Հով, ծով, սով, կով ու …. զով։ Այս բառը կþաւելցնեմ ենթադրելով որ Գնալըի բնակիչները ընդհանրապէս զով հով մը ունին ամառնային տաք օդերուն։

Մենք՝ գրչի մարդիկս թանկագին յիշատակներ ունինք Գնալը կղզիէն, ամառները հաճելի միասնութիւններ ստեղծեր ենք գրչեղբայրներու հետ, Գնալըի բնակիչ եղեր են Զահրատ, Յակոբ Մնձուրի, Օննիկ Ֆչըճեան, Անդան Էօզէր, Արմենուհի Թէրզեան, Պերճ Ֆազլեան, Գրիգոր Համբարձումեան, Մաքրուհի Պ. Յակոբեան։ 

Երբ կը խօսուի հովի մասին, ես չեմ կրնար չյիշել բանաստեղծներու բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի նշանաւոր «Հովը» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, զոր մեզի այնքան սիրցուցած է ասմունքի մեր իշխանուհի Սիլվա Կոմիկեանը։ Երկարաշունչ բանաստեղծութիւն, Մեծարենցի ամէնէն սիրուած բանաստեղծներէն մէկը, որուն առաջին քանի մը տողերը մենք ալ անգիր սորված էինք։ 

Ահա այդ առաջին տողերը.

*

Պատուհանս մատնահարեց ու անցաւ

            հովն հերարձակ աշունին

չարաճճի ինչպէս աղջիկ մը, ինչպէս

խաղընկեր մը դրան ետին մոռցուած

պատուհանս մատնահարեց ու անցաւ

             հովն հերարձակ աշունին։

*

Համակ երաժշտութիւն կը բուրեն այս տողերը։ 

Կարդանք յաջորդ հինգ տողերն ալ.

*

Իր ետեւէն կը վազեմ ես շնչահատ

            Ու շուարուն ու յոգնած

ինք խոյս կուտայ գրգանքէս, թեւերուս

պարապնդումն է դատարկ

բայց անառակ՝ երկու ձեռքէս կը փախչի 

մինչ ետեւէն կը վազեմ ես շնչահատ

             ու շուարուն եւ յոգնած։

*

Երանի թէ տեղ ունենայինք բանաստեղծութեան մնացեալ տողերուն համար եւս։ Բայց այս երկարաշունչ բանաստեղծութեան համար գոհանանք այսքանով։ Նախ փառք տանք որ Գնալը կղզին այլեւս այն կղզին չէ ուր սով կը տիրէ եւ ուր կովերը կը պտըտկին ազատօրէն, յետոյ անդրադառնանք որ Մեծարենց իր նշանաւոր «Հովը» խորագրեալ բանաստեղծութենէն տարբեր ուրիշ բանաստեղծութիւն մըն ալ ունի դարձեալ «Հովը» խորագրով։ Տեսնենք։

ՀՈՒՇԱՏԵՏՐ

Ր. Հ.

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın