İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 5 Դեկտեմբեր 2022, Երկուշաբթի երեկոյ, ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանք Լիսէի Խնամակալութեան ընտրութեան թեկնածուները, գլխաւորութեամբ Էօզկիւր Ազատ Տէմիրճիի։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։

Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ փափաքեցան հաղորդ դառնալ Նորին Ամենապատուութեան թելադրանքներուն։

Անոնք յայտնեցին, թէ եկած են նաեւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու աւանդական տարեվերջի ընթրիքին։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ եւ խոստացաւ նախագահել տարեվերջի ընթրիքին

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın