İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի, որուն կ՚ընկերանային Նուարդ Պարըն, Սիւզան Քըզըլքայա, Շիլա Մուրատօղլու-Պոշնաքեան եւ Սարվէն Սըրատաղ։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որուն ընդառաջ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ նորընտիր թաղային խորհուրդին տեսակէտէ այս տարուան սիրոյ սեղանը կարեւոր մարտահրաւէր մըն է։ Արդարեւ, ընտրութիւններէն գրեթէ անմիջապէս վերջ արդէն այս նոր կազմը ձեռնամուխ եղած է տարեկան մատաղօրհնութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը այս տարի ունի 90 աշակերտ։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն թիւն է 20։ Յամենայնդէպս, թաղականները յայտնեցին, որ իրենց փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս թիւը տակաւին կրնայ բարձրանալ։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս ընթացքը բնականոն է։ Ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները նշեցին, որ դպրոցի ուսուցչական կազմը կ՚աշխատի մեծ նուիրումով եւ զոհողութիւններով։ Ծանօթ է, որ այս դպրոցը կը յաճախեն մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակները։ Անոնք ընդհանրապէս համայնքային կեանքէ հեռու մնացած ընտանիքներէն կու գան, ուստի դպրոցին մէջ իրենց անցուցած ժամանակը չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Տղաքը մէկ կողմէ տարրական կրթութիւն կը ստանան, իսկ միւս կողմէ թէ՛ իրենց եւ թէ՛ ընտանիքներուն համայնքին հետ համարկման հարցերը կը լուծուին։

Այս տարուան մատաղօրհնութեան ընդառաջ Թոփգաբուի թաղային խորհուրդը դարձեալ զօրակցութեան կոչ կ՚ուղղէ համայնքային շրջանակներուն, որպէսզի դպրոցի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռուի եւ անոր առաքելութիւնը ըլլայ անխաթար։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ տարեկան մատաղօրհնութենէն վերջ նորընտիր կազմը պիտի փորձէ նաեւ վարչակազմակերպչական առումով ներքին դերաբաժանումի մը երթալ յառաջիկայ շրջանին։ Թաղային խորհուրդի նոր կազմը կը ձգտի դպրոցը դարձնել ինքնաբաւ՝ որքան որ ալ ներկայ պահուն, առկայ պայմաններով սա թուի վերացական նպատակ մը։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/5-12-2022-թոփգաբուի-եկեղեցւոյ-թաղային-խորհուրդին-ներկայացուցիչները-խմբագրատանս

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın