İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՒԱՔ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախկին նախագահ Վսեմ. Քրիստիան Վիլհէլմ Ուոլթըրի քաղաքս այցելութեան օրերուն, Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քէսկին 27 Նոյեմբեր 2022, Կիրակի երեկոյ հաւաք մը սարքեց։ Քէսկին յիշեալ հաւաքին հրաւիրեց քաղաքիս հոգեւոր պետերը։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նոյն օր, ժամը 15.00-ին, Լատին Եկեղեցւոյ առաջնորդանիստ Սէնթ Էսփրի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ հաւաքին։

Հաւաքին մասնակցեցան նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, Լատին Եկեղեցւոյ Ստանպուլի Եպիսկոպոս Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրոն, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպս.ը, Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ Քորեպս. Մելքի, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապ. Գրիգոր Աղապալօղլուն, Հրէից Րաբունապետ Ռավ Իզհաք Հալէվան։

Նախկին նախագահը, որ Գերմանիոյ փոքրամասնութեանց հարցերով կը զբաղի, փափաքած էր ծանօթանալ եւ զրոյց ունենալ նաեւ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց պետերու կամ ներկայացուցիչներու հետ։ Ներկաներ զանազան նիւթերու մասին կարծիքի փոխանակում ունեցան նախկին Նախագահի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն հանդիպումին համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın