İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 24 Նոյեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ընդունեց Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։

Ընդունելութեան ընթացքին այցելուներ յայտնեցին թէ Գարակէօզեան Տան հաստատութեան հարիւրամեակին առթիւ 2019 թուականին հրատարակած էին պատմութեան յուշամատեան մը, որու շնորհանդէսն ու հրապարակումը ուշացած էր թագաժահրի համավարակի պատճառաւ։ Խնամակալութիւնը սոյն հատորի համար կազմակերպած էր գինեձօն-շնորհանդէս մը։

«Գարակէօզեան 100, Դար մը պատմութիւն Գարակէօզեան Որբանոց-Արհեստանոց-վարժարանի» անուն աւելի քան հինգ հարիւր մեծադիր էջերէ բաղկացեալ հատորին հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։

Շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 3 Դեկտեմբեր 2022, Շաբաթ երեկոյ, Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ։ Ներկաներ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան նախագահութիւնը գիրքի շնորհանդէսին։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց գիրքի հրատարակութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար եւ խոստացաւ ընդառաջել շնորհանդէսի հրաւէրին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın