İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ, 22 Նոյեմբեր 2022, Երեքշաբթի երեկոյ, կատարուեցաւ թաղի վարժարանի չորս սաներու մկրտութիւնը։

Արարողութեան նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին թաղի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ տեղւոյն Թաղային Խորհուրդի անդամները։ Մկրտութեան Ս. խորհուրդը կատարեց Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Չորս երեխաներու կնքահայրութեան պաշտօնը ստանձնեցին Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը։

Մկրտութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը օծեց նոր մկրտեալները։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, տեղւոյն Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın