İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊէՅՔՈԶԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 16 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի երեկոյ, ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները, գլխաւորութեամբ Վարուժան Մաղաքեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը։ Այս այցելութիւնը առիթ ընծայած էր խումբին նոր մասնակցող անդամները ճանչնալու, քանի Պէյքոզ այն թաղը եղաւ, որ այս ընտրութեան կը մասնակցին այժմու թաղային խորհուրդի անդամները, նոր անդամներու մասնակցութեամբ։ 

Վարուժան Մաղաքեան յանուն խումբի շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուց խումբի նոր անդամները։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın