İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՍԻԼՎԱՐԴ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Իւնիըն Սիթիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, 30 Հոկտեմբեր 2022, Կիրակի առաւօտ, Պոլսոյ Պատրիարքութեան Միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան արարողութեանց հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագ մատոյց։ Արարողութիւնը նշանակալից դարձաւ, նկատի ունենալով, որ Ս. Խաչ Եկեղեցին Արեւելեան Թեմի ամենէն հին եկեղեցիներէն է եւ եկեղեցւոյ ծուխի անդամները մեծաւ մասամբ կը բաղկանային նախկին Պոլսահայերէ։ Բաց աստի արարողութեանց իրենց ներկայութիւնը բերին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու Ս. Ներսէս Ճեմարանէ սաներ։ Իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ երգչախումբին կողմէ։

Ս. Պատարագի աւարտին, Հայր Սուրբը ողջոյնի խօսք մը արտասանեց եւ յայտնեց, թէ՝ ներկայ ժողովուրդին մէջ կային բազմաթիւ անձեր, որոնք զանազան առիթներով այցելած էին Պոլիս եւ յատկապէս՝ Գնալը Կղզի։ Այս առումով յիշեցուց, թէ՝ հայութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մին նկատուած է Պոլիսը եւ տարբեր երկիրներու մէջ ներկայիս ուրախութիւն էր տեսնել երբեմնի Պոլսեցիներու իրենց նախկին բնակավայրին հետ ունեցած կապը։ Այս առիթով Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն, մաղթելով որ Պոլիս քաղաքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ հետ իրենց սերտ կապը միշտ մնայ ամուր։

Յաջորդիւ քարոզեց, «Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խոսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» (Ղկս. 8.21) բնաբանով եւ յայտնեց, որ Քրիստոս իր ամենէն մօտիկներուն համահաւասար կը դասէր Աստուծոյ պատուիրաններուն հաւատարիմ անձերը։ Այս առումով, յիշեցուց, թէ՝ նոյն խօսքը ուղղուած է նաեւ բոլորիս, որուն նպատակն է բազմաթիւ անդամներէ բաղկացեալ մեծ հաւաքականութիւն մը ստեղծել։ Այս առումով մաղթեց, որ ներկաներ իմանան իրենց եկեղեցիին արժէքը, որ իրենց համար դարձած է ընտանեկան հաւաքավայր մը, Աստուծոյ ներկայութեամբ եւ եղբայրական մթնոլորտով։

Քարոզէ յետոյ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով յիշատակուեցաւ  նախկին Պոլսահայերէն Պերճ Մանուկեանի մայրը, Սիլվարդ Մանուկեան եւ Հոգշ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեանի եղբայրը՝ Ոսկեան Քարայեան, իրենց մահուան տարելիցին առթիւ։

Ս. Պատարագէ յետոյ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան ու հոգեճաշ։ Այս առիթով Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ երէց՝ Վազգէն Ծ. Վարդապետին եւ եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին, ներկաներ բաժնեցին Պոլիսի հետ իրենց ունեցած յիշատակները։ Ծխական Խորհուրդի անդամները եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայր Սուրբին իր ներկայութեան համար։

Աղբիւր։ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın