İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ա.Տ.ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ «ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 20-ՐԴ ԴԱՐԻ ԿԷՍԻՑ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ» ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Շնորհակալութեամբ եւ մեծ գոհունակութեամբ ստացանք Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեանի հրաւէր նամակը, որով Պոլսահայ գրականութեան քաջածանօթ գիտնականը կը հրաւիրէր մեզ, մասնակցութիւն բերելու «Պոլսահայ Գրականութիւնը 20-րդ

Դարի Կէսից Մինչեւ Մեր Օրերը» խորագրեալ համահայկական համաժողովին։

Մեզի համար կրկնակի ուրախութիւն է տեսնել, թէ Պոլսահայ գրականութեան մասին կազմակերպուած գիտաժողովը

արդիւնքն «Համազգային  Հայ  Կրթական  եւ Մշակութային  Միութեան» ու Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական  Պետական Մանկավարժական Համալսարանի «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կենտրոնի համատեղ աշխատանքներուն։

Յիրաւի կ՚արժէ ուսումնասիրել եւ գրականութեան պատմութեան յանձնել Պոլսահայ գրականութիւնը, որ գրեթէ մայրը

եղած է սփիւռքահայ գրականութեան։ Իրաւ է, թէ ժամանակները կը փոխուին եւ փոխուած ժամանակները ընդհանրապէս դուռ կը բանան նահանջի, սակայն եւ այնպէս ամէն շրջան ունեցած է եւ կ՚ունենայ մխիթարական երեւոյթներու ներկայութիւնը, յառաջացած՝ համայնքային կեանքէն ներս։

Մեր Երանաշնորհ նախորդներէն Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի շրջանին զարկ ստացած մշակութային զարգացումը, տակաւ առ տակաւ զարգացումներ արձանագրելով հասած է նախանձելի մակարդակի։ Ընդհանրապէս լոյս տեսած բազմաթիւ պարբերաթերթերու սիւնակները հիւրընկալած են արեւմտահայերէնով արտադրած հեղինակներու գրչի արդիւնքները, ըլլան անոնք արձակ եւ կամ բանաստեղծութիւն։

Բաց աստի Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած գրական գործերու մասին կը վկայեն մատենագիտական ցուցակները, որոնք կ՚արձանացնեն երբեմն հերոսական նկատուած աշխատանքները։ Ծանօթ են ոմանց կարծիքները, թէ գրական աշխատանք տանիլը, գիրք կամ թերթ ու հանդէս հրատարակելը ապերախտ գործ է։ Սակայն բոլոր անոնք որոնք իրենց հաւատացած ճանապարհէն ընթացած են ու կը շարունակեն ընթանալ, անտեսելով այս ամուլ կարծիքը, անոնց կը պարտինք

Ա. Համաշխարհային Պատերազմի դժբախտ ու ցաւառիթ օրերէն մինչեւ մեր օրերը հասած գրական ժառանգութիւնը։ Հոգեւոր

առաջնորդներու նախաձեռնութեամբ լոյս ընծայուած պարբերաթերթերու մէջ մշակուած գաղափարներն ու լեզուն մինչեւ

այսօր կը շարունակեն ուսուցանել, զարգացնել ու դաստիարակել։ Այս կարգէն կը յիշենք «Հայ Խօսնակ» եւ «Շողակաթ» պարբերականները։ Հանրապետական շրջանի հոգեւորական դէմքերէն Մեսրոպ Պատրիարք Նարոյեանը, Գէորգ Արքեպիսկոպոս Ասլանեանը, Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանը, Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանը, Գարեգին

Պատրիարք Գազանճեանը։ Մենք անձնապէս որպէս տրուպ հետեւորդը մեր նախնեաց ջանացած ենք մեր ծառայութիւնը

բերել հոգեւոր գրականութեան։

Պոլսոյ գրականութեան պատմութեան առումով մենք յիրաւի կը հպարտանանք տեղական պայմաններով Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղի Արամեան Սանուց Միութեան երդիքին տակ վարչութեան հովանաւորութեամբ 1957ին լոյս ընծայուած «Համայնապատկեր Հանրապետութեան Շրջանի Իսթանպուլահայ Գրականութեան» գիրքով որուն խմբագրական

աշխատանքը կ՚իրագործուի Հոգելոյս Վարդան Կոմիկեանի եւ Ռոպէր Հատտէճեանի աշխատանքով։ Յիրաւի իր տեսակին

մէջ եզակի աշխատանք է սա, որ կը ծանօթացնէ հոգեւորական եւ աշխարհական գրչի մշակները։ Չենք մոռնար

Հանրապետական շրջանին սանուց միութիւններու լոյս ընծայած պարբերաթերթերը։ Կը յիշենք Մխիթարեան Սանուց Միութեան «Սան», Կեդրոնական Սանուց Միութեան «Հանդէս Մշակոյթի», Գարակէօզեան Սանուց Միութեան «Մեր

Տունը», Էսաեան Սանուց Միութեան «Կամար» պարբերականները, Պատրիարքական Աթոռի կողմէ հրատարակուած «Լրաբեր»ը, սփիւռքահայ պայմաններու մէջ կիսադարեան հրատարակութեամբ ի մասնաւորի թատերական կեանքին թարգման հանդիսացած «Քուլիս» պարբերականը, ինչպէս նաեւ անհատական ջանքերով լոյս տեսած թերթերն ու պարբերականները, որոնք իրենց սիւնակները բացած են արեւմտահայերէնով գրողներու, մեծամասնութեամբ Պոլսահայեր։

Մեզի համար մխիթարական է, որ դադրած թերթերու եւ պարբերաթերթգրու փոխարէն Պոլսոյ երկնակամարին վրայ

տակաւին կը փայլին «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» հայերէն օրաթերթերը, որոնց նախաձեռնութեամբ կը հրատարակուին

գիրքեր։ Պատրիարքական Աթոռի Հրատարակչական Յանձնախումբի մատենաշարերը, Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր

Եկեղեցւոյ համանուն մատենաշարը, «Արաս» հրատարակչատունը, «Ուսուցչաց Հիմնարկ»ը որոնք հաւատարիմ ծառայողներէն են հայերէն գրատպութեան։ Կը յիշենք նաեւ երկլեզու «Ակօս» Շաբաթաթերթը։

Մենք սեղմ տողերու մէջ հպանցիկ ակնարկով մը ջանացինք արտայայտուիլ յիշելով հանրապետական շրջանին Պոլսահայ

իրականութեան մէջ տարուած գրական աշխատանքները, որոնցմով հարստացած է մեր գրական ու մշակութային կեանքը

մասնաւորաբար Պոլսոյ մէջ։ Հարստութիւն մը, որ հարստացուցած է նաեւ ընդհանրապէս Հայ մշակոյթի անդաստանը։

Ակներեւ է բոլորին ծառայութիւնը եւ մենք անոնցմէ ի Քրիստոս ննջածները կը յիշենք հանգստեան աղօթքով ու իրենց գործերուն ընդմէջէն կը տեսնենք մշտադալար ծառ մը։ Իսկ անոնք որոնք ի կեանս են, կ՚աղօթենք որ Աստուած իրենց պարգեւէ քաջառողջ ու արդիւնաւետ կեանք։ Համաժողովի մասնակիցներուն համար գաղտնիք մը չէ, համաժողովի ընդգրկած ժամանակաշրջանի գրողներու անունները եւ իրենց գործերը։ Մենք զանոնք իրենց ընդհանրութեանը մէջ կը

նկատենք Սահակ-Մեսրոպեան ընտանիքի անդամներ։ Բոլորը մեզի համար սիրելի, յարգելի անուններ են իրենց անկորնչելի վաստակներով։

Հայրական օրհնութեամբ կը շնորհաւորենք համահայկական սոյն համաժողովի նախաձեռողներն ու իրենց կամաւոր

աշխատակիցները։ Սիրով կ՚ողջունենք համաժողովի բոլոր մասնակիցները ու ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք յաջողութիւն։

Վստահ ենք, թէ գիտաժողովի ընթացքին եղած զեկուցումները պիտի հարստացնեն Պոլսահայ եւ ընդհանրապէս Հայ գրականութեան պատմութեան գրադարանը։

Կ՚աղօթենք, որ այս հարստութիւնը ներշնչման աղբիւր դառնայ մեր նոր սերունդին համար, որպէսզի անոնք անդրադառնան, թէ ինչպիսի հարստութեան մը ժառանգորդներն են եւ այս առումով ալ ակնածանօք մօտենան այս

հարստութեան, հաղորդ դառնալու անոր հարստացուցիչ ու կենսապարգեւ աւիշին։

23 Սեպտեմբեր 2022

ԵՐԵՒԱՆ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın