İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ ՖԵՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 20 Սեպտեմբեր 2022, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հաւաքական մկրտութեան հանդիսութեան։ Նոյն օր մկրտուեցան թաղի Մերամէթճեան Վարժարանի տասնեւմէկ աշակերտները, որոնք նախապէս առիթ չէին ունեցած մկրտուելու։

Արարողութենէն առաջ մեր Հոգեւոր Պետը խրատեց երեխաները։ Ապա Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան կատարեց մկրտութեան խորհուրդը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օծումը։

Երեխաներու կնքահայրութեան պարտականութիւնը ստանձնած էին Վարժարանի Ծնողաց միութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբի անդամներն ու իրենց ամուսինները։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց նորոգ քրիստոնէացեալ մանուկները, հայրական խրատներ տուաւ իրենց այս նոր կեանքին համար եւ պատուիրեց ընթանայ Սուրբ Գիրքի լուսաւոր ճանապարհէն ու մնալ Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին որպէս անդամը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց նաեւ կնքահայրերն ու կնքամայրերը։

Ապա եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın