İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի երդիքին ներքեւ 2022-2023 տարեշրջանը սկսաւ յատուկ հանդէսով մը։

Վարժարանի սրահին մէջ 12 Սեպտեմբեր 2022, Երկուշաբթի առաւօտ ժամը 10.00-ին կատարուած վերամուտի հանդիսութիւնը որպէս Դպրեվանքի Վանահայր գլխաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը։  Նորին Ամենապատուութեան կողքին կը գտնուէին Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էին ատենապետ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճանի գլխաւորութեամբ խնամակալութեան անդամները, Հիմնադրի ներկայացուցիչ՝ Վարուժան Պուլկան, Տնօրէն՝ Արմէն Սարուխանեանի գլխաւորութեամբ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ վարժարանի տեսչարանին մէջ հիւրասիրուեցաւ։ Ապա սրահ առաջնորդուեցաւ, ուր հանդէսին ներկայ գտնուեցաւ ԱՔ Կուսակցութեան Թօքատի Երեսփոխան Իրաւաբան Էօզլէմ Զէնկին։ 

Անկախութեան Քայլերգի ունկնդրութեամբ սկսած հանդէսին նախ բացման խօսքը արտասանեց Տնօրէն Արմէն Սարուխանեան եւ հրաւիրեց խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Տքթ. Թորոս Ալճանը, որ հանդէս եկաւ բացեմաղթութիւններով եւ յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն եւ հրաւիրեց Իրաւաբան Էօզլէմ Զէնկինը, որ հանդէս եկաւ առաջին դասախօսութեամբ։ Յարգարժան իրաւաբանը, Թօքատ ծնած ըլլալով, հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ուսումնական կեանքի զանազան հանդրուաններու մասին։ Աշակերտները հրաւիրեց որ ընթերցասէր ըլլան եւ միշտ ընթերցելով իրենց մտային պաշարը հարստացնեն։ Տեղեկութիւններ տուաւ Թօքատի եւ Իսթանպուլի հարուստ պատմութեան եւ մշակութային հարստութեան մասին։

Հուսկ բանքը արտասանելու հրաւիրուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ իր կարգին կարեւոր թելադրութիւններ ըրաւ աշակերտներուն եւ ըսաւ, թէ իրենց ուսումնական այս հանգրուանին ինը ամիսներ վարժարանին մէջ պիտի ուսանին։ Յետ ինը ամսուան շրջանին անոնք պիտի ծնին որպէս պատրաստուած ու մտապաշարով հարստացած երիտասարդներ ու բարձրագոյն ուսման համար պիտի քալեն դէպի համալսարաններ։ Թելադրեց, որ միշտ իրենց անձերը տգէտ որակեն, որպէսզի ծով գիտելիքներուն հասնելու ուղութեամբ քաջալերուին։ Նաեւ յիշեցուց, թէ վարժարանի խնամակալութեան անդամները ոգի ի բռին կ՚աշխատին, որպէսզի վարժարանի աշակերտներուն համար առողջ ապագայի կերտման սատար հանդիսանան։ 

Աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք եւ վարժարանը յաջողած պիտի ըլլաք այն ատեն, երբ վարժարանէն բաժնուելէ յետոյ չմոռնաք ձեր վարժարանը եւ մեր համայնքային հաստատութիւնները եւ բերէք ձեր նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը անոնց առողջ գոյատեւման համար»։ Իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն, մաղթելով բոլորին յաջողութիւն։

Խմբանկարի նկարահանութեամբ վերջ գտաւ աւանդական վերամուտի հանդիսութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın