Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի նախորդ շրջաններու ատենապետ, ինչպէս նաեւհամայնքային հաստատութիւններէ ներս որպէս ճարտարապետ ընդարձակ ծառայութիւնմատուցած եւ ճարատարպետական վաստակով օտար շրջանակներէ ներս տիտանանձնաւորութիւն ընկալուած ՏԻԱՐ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆ իր մահկանացուն կնքած է 9 Օգոստոս 2022, Երեքշաբթի, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ։ Հանգուցեալը պատուուած էր նաեւՊատրիարքական Աթոռի Օրմանեան Շքանշանով։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր բարձր տնօրինութեամբ, 12 Օգոստոս 2022, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին, Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազգային Յուղարկաւորութիւն, որմէ յետոյ հանգուէցեալի մարմինը պիտի ամփոփուի Ուզունչայըրի Հայոց Գերեզմանատան մէջ։
Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun