İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԿԻՆ ԱՆԱՀԻՏ ՊՕԶԱՃԵԱՆԸ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 25 Մայիս 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին ընդունեց Տիկին Անահիտ Պօզաճեանը, որ վերջերս արժանացած էր յատուկ մրցանակի իր գործառնութեանց արձանագրած յաջողութեան համար։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։

Տիկին Պօզաճեան, որ Մուտուրնու Փաք Թավուք ընկերութեան վարչական խորհուրդի փոխ-նախագահն է, այս տեսակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց ընկերութեան գործառնութեանց մասին։ Ընկերութիւնը ուրիշ առիթներով ալ արժանացած էր մրցանակներու, սակայն այս վերջինը կապուած էր բեղմնաւորուած հաւկիթի արտածման հետ։ Արտածումը կը կատարուէր յատուկ պայմանաւ, ըստ որում  արտածուածները ետ կ՚ուղարկուէին եթէ թերութիւն մը նշմարուէր եւ ընկերութիւնը երբեք նման պարագայի մը հետ դէմ յանդիման չէր մնացած, ինչ որ յաջողութիւն էր։ Այս յաջողութիւնն էր, որ մրցանակի արժանացած էր։ Գովելի այս մրցանակը կարեւոր էր ան իմաստով որ Տիկին Պօզաճեան այս շրջանակին մէջ  միակն էր, որպէս կին, բան մը որ պատիւ կը բերէր նաեւ մեր համայնքին։

Տիկին Անահիտ Պօզաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հիւրասիրութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Տիկին Պօզաճեանը իր հասած այս պատուաբեր հանգրուանին առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեց ընկերութեան գործառնութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın