Ժպտուն Զուրնաճը
18 Մայիս 2022 Չորեքշաբթի օր, «Աւանդական» պարախումբի անդամները քով քովի եկան իրար տեսնելու եւ պարելու կարօտը յագեցնելու եւ թէ ամրան համար ծրագիրներ մշակելու համար:
Գարակէօզեան Վարժարանի «Ձմրան Պարտէզ» սրահին մէջ իրականացած մէկտեղումը սկսաւ հաճելի զրոյցով մը. իրենք զիրենք ծանօթացուցին խումբին մաս կազմող նոր անդամները, որոնք աւելի վերջ տեղեկութիւններ ստացան «Աւանդական»ի գործունէութիւններուն մասին: Ապա՝ սրահին մէջ հնչեցին հայ երգերը ու հին ու նոր անդամներ բոլորուեցան եւ շուրջպար կատարեցին: Երգի ու պարի լեզուն մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ անոնք ձեռք ձեռքի, ուս ուսի եղան մէկ սիրտ ու մէկ հոգի:
«Աւանդական» պարախումբի անդամները յիշեցին նաեւ իրենց պարուսոյց՝ Յակոբ Կիւլէչի տարեդարձը, որ սիրուն անակնկալ մը եղաւ Պր. Կիւլէչի համար: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց այսպիսի խումբ մը կազմած ըլլալուն համար եւ մաղթեց, որ համաճարակէ առաջուան ամառներու նման դարձեալ Գընալը կղզիի մէջ պարի փորձեր կարենայ կատարել: Ինք կ’ուզէ տղոց ու չափահասներու քով ստեղծուած այդ պարի փափաքը պահպանել, որուն համար պիտի ջանայ իր կարելին ընել: Ներկայ «Աւանդական»ի անդամներն ալ յայտնեցին իրենց փափաքն ու զօրակցութիւնը այս մշակութային խումբի գոյատեւութեան համար:
İlk yorum yapan siz olun