İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Աւանդական» Պարախումբի Անդամները Մէկտեղուեցան Գարակէօզեան Վարժարանի Սրահին Մէջ

Ժպտուն Զուրնաճը

18 Մայիս 2022 Չորեքշաբթի օր, «Աւանդական» պարախումբի անդամները քով քովի եկան  իրար տեսնելու եւ պարելու կարօտը յագեցնելու եւ թէ ամրան համար ծրագիրներ մշակելու համար:

Գարակէօզեան Վարժարանի «Ձմրան Պարտէզ» սրահին մէջ իրականացած մէկտեղումը սկսաւ հաճելի զրոյցով մը. իրենք զիրենք ծանօթացուցին խումբին մաս կազմող նոր անդամները, որոնք աւելի վերջ տեղեկութիւններ ստացան «Աւանդական»ի գործունէութիւններուն մասին: Ապա՝ սրահին մէջ հնչեցին հայ երգերը ու հին ու նոր անդամներ բոլորուեցան եւ շուրջպար կատարեցին: Երգի ու պարի լեզուն  մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ անոնք ձեռք ձեռքի, ուս ուսի եղան մէկ սիրտ ու մէկ հոգի:

«Աւանդական» պարախումբի անդամները յիշեցին նաեւ իրենց պարուսոյց՝ Յակոբ Կիւլէչի տարեդարձը, որ սիրուն անակնկալ մը եղաւ  Պր. Կիւլէչի համար: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց այսպիսի խումբ մը կազմած ըլլալուն համար եւ մաղթեց, որ համաճարակէ առաջուան ամառներու նման դարձեալ Գընալը կղզիի մէջ պարի փորձեր կարենայ կատարել: Ինք կ’ուզէ տղոց ու չափահասներու քով ստեղծուած այդ պարի փափաքը պահպանել, որուն համար պիտի ջանայ իր կարելին ընել: Ներկայ «Աւանդական»ի անդամներն ալ յայտնեցին իրենց փափաքն ու զօրակցութիւնը այս մշակութային խումբի գոյատեւութեան համար:

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın