İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻ ԱՅՑԸ / ERMENİSTAN TEMSİLCİSİ ZİYARETİ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Մայիս 2022, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու խորհրդականը՝ Նաղաշ Յակոբեանը։

Հիւրերը յայտնեցին, որ սոյն այցելութեամբ եկած էին Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու Ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան քսանամեակին առթիւ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկին։ Քաղաքիս Ճէմալ Րէշիտ Րէյ համերգասրահին մէջ սարքելի դասական երաժշտութեան երեկոյթը պիտի ըլլայ Կոմիտաս Ազգային Քառեակի համերգը։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հրաւէրին համար եւ խոստացաւ ընդառաջել նման հանդիսութեան, որ արուեստի վայելք մը պիտի ըլլայ բոլոր մասնակիցներու եւ համայնքի համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

***

Kadasetli Patrik Sahak II Hazretleri 19 Mayıs 2022 Perşembe günü, Karadeniz Ekonomik İşbirliği Teşkilatı Ermenistan Temsilcisi Sahak Sarkisyan’ı ve danışmanı Nağaş Hagopyan’ı kabul etti.

Misafirler, bu ziyaretlerinde Patrik Hazretleri’ni Temsilciliğin kuruluşunun yirminci yıldönümü vesilesiyle düzenlenecek kültürel etkinliğe davet ettiler. Cemal Reşit Rey Konser Salonu’nda düzenlenecek etkinlikte, Gomidas dörtlüsü klasik müzik dinletisi sunacak.

Patrik Hazretleri teşekkür ederek, etkinliğe memnuniyetle katılma sözü verdi ve konuklarına çalışmalarında başarılar diledi.

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

Kaynak: Türkiye Ermenileri Patrikliği https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın