İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳԸ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

Վաքըֆներու Շաբթուան առթիւ Փոքրամասնական Համայնքային Վաքըֆներու Ներկայացուցչական Գրասենեակի նախաձեռնութեամբ 10 Մայիս 2022, Երեքշաբթի, ժամը 18.30-ին Պէյօղլուի Փանայիա (Սուրբ Աստուածածին) Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Համայնքային Հիմնարկներու Մշակութային Ժառանգը Պէյօղլուի Մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման հանդէսը։ 

Հանդէսը կը գլխաւորէր Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարի Օգնական՝ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան։ Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Պէյօղլուի Քաղաքապետ՝ Հայտար Ալի Եըլտըզ, փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ համայնքային վաքըֆներու վարչութեանց ներկայացուցիչներ։ Հայ համայնքէն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ Հայ Համայնքային Վաքըֆներու Միութեան  Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու, Սուրբ Յակոբ Հայ Կաթողիկէ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պէրնարտ Սարըպայ, Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Սիմոն Չէքէմ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռի անհանդէսին մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın