İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՔԱՄՓ ԱՐՄԵՆԻ ՀԱՄԱՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 28 Ապրիլ 2022, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, ընդունեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի եւ Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի այցելութիւնը։

Հիւրեր, նախ եւ առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեցին Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ, ընելով բարեմաղթութիւններ հաւատցեալներու հոգեւոր շինութեան համար։

Ապա Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու բացատրութիւններ տուաւ Քամփ Արմենի վերակառուցման աշխատանքներու մասին եւ խնդրեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Գերապայծառ Տէրը իրենց բարոյական աջակցութիւնը բերեն այս աշխատանքին, նաեւ կոչ ուղղեն իրենց համայնքի անհատներուն որ իրենց կարողութեան ներած չափով նիւթական ներդրում ունենան այս աշխատանքին, ի նշան միասնականութեան։ Յայտնեց, թէ որքան որ սեպհականութիւնը կը պատկանէր Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ վարչութեան, սակայն այդ չէր նշանակեր, թէ քոյր  Հայ յարանուանութիւններ իրենց խօսքը պիտի չունենային այս հաստատութեան գործելակերպին ու մատակարարութեան վրայ։ Այս հաստատութենէն առանց խտրութեան պիտի կարենային օգտուիլ մերազն ժողովուրդի զաւակները։

Տեսակցութեան ընթացքին երախտիքով ու գոհունակութեամբ անդրադարձան պետական այն կարգադրութեան մասին, ըստ որում կարելի եղած էր սեպհականութիւնը վերադարձնել Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ վարչութեան։ 

Սիրալիր հանդիպման ընթացքին որոշեցին յետագային ունենալ հանդիպում մը, խորհրդակցելու համար Քամփի վարչական դրութեան մասին, որպէսզի ամէն ինչ ունենայ օրինական հիմք։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın