İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՊԷՆՍԻՕՆ ՓԻՆԹՈՅԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը, Թուրքիոյ Հրեայ համայնքի կառկառուն դէմքերէն Պէնսիօն Փինթոյի մահուան առթիւ  14 Յունուար 2022, Ուրբաթ, ցաւակցական գրութիւն ուղարկեց Հրէից Խախամապետ՝ Րավ Իսաք Հալէվայի։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ ցաւով տեղեկացած էր Պէնսիօն Փինթոյի մահուան լուրին։ Անդրադարձաւ, թէ հանգուցեալը որպէս Հրեայ Համայնքի Վարչութեան Ատենապետ, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ օգտակար հանդիսացած էր Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ Հրեայ համայնքին իր ընդգրկած պաշտօններուն ուղիով։ Մեր Հոգեւոր Պետը յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Կրօնական Ժողովին եւ Հայ համայնքին յանձին Խախամապետի ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի ազգականներուն եւ Հրեայ համայնքին։

Իսկ 16 Յունուար 2022, Կիրակի, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլու յանուն Պատրիարքական Աթոռի մասնակցեցաւ Ուլուսի Հրէից Գերեզմանատան մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան եւ ցաւակցութիւն յայտնեց ի դիմաց Նորին Ամենապատուութեան։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın