İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔԵՐՈՒ

Այսօր՝ Ուրբաթ, 7 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր իսկնախաձեռնութեամբ, այցելեց Պուրճ Համուտի Արագած շրջանին մէջ ապրող աւելի քան 100 կարիքաւոր ընտանիքներու տուները: Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային առաջնորդսրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ ՄարտիկՊօղոսեանը։

Արդարեւ, յիշեալ շրջանը Պուրճ Համուտի ամէնէն համեստ շրջանն է, յատկապէս այս օրերուն, երբհայ ընտանիքները կը դիմագրաւեն լուրջ դժուարութիւններ: Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց շրջանիժողովուրդի զաւակները, գնահատեց անոնց հաւատքն ու վճռակամութիւնը եւ վստահեցուց, որ մերեկեղեցին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ամէն իմաստով, զօրավիգ կըկանգնի իրենց՝ իր կարելիութեան սահմաններէն ներս օգտակար դառնալով մեր ժողովուրդիկարիքներուն։

Իր այցելութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը նուէրներ փոխանցեց օժանդակութեան յատուկյանձնախումբին՝ բաժնելու համար մեր ժողովուրդին:

Աղբիւր։  His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın