İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԷ ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամներէն Դաւիթ Տամլա, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներէն Հերման Քավաֆեան, 30 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, Ֆաթիհի Քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին պաշտօնական այցելութիւն տուին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Աք Փարթի Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչական Խորհուրդի անդամ Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն։

Այցելուներ նախ եւ առաջ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ողջոյնները փոխանցեցին Տիար Թուրանին։ Յաջորդաբար 2020 Մարտի կազմուած օժանդակութեան յանձնախումբի աշխատութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Բաց աստի, Գումգաբուի եւ Սամաթիոյ վարիչները յայտնեցին, թէ՝ Ֆաթիհի շրջանէն ներս ամենաբազմամարդ ժողովուրդի տէր եկեղեցիներն էին եւ այս առումով իրենց եկեղեցիներուն հետ առընչուած հարցերը փոխանցեցին Յարգելի Քաղաքապետին։ Ինք եւս, ուշադրութեամբ հետեւեցաւ փոխանցուած տեղեկութիւններուն եւ յայտնեց, թէ՝ պիտի տնօրինէ պարտն ու պատշաճը, որպէսզի անյապաղ լուծման հանգին հաստատութեան հետ առընչուած հարցերը։

Ինչպէս ծանօթ է Տիար Թուրան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ Պատրիարարան այցելած եւ Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցութիւն յայտնած էր։ 

Հանդիպման ընթացքին յայտնած էր, թէ՝ քաղաքապետարանի կարելիութեան սահմաններուն մէջ պատրաստ էր օժանդակել մեր համայքի հաստատութիւններուն։ Հետեւաբար, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներուն փոխանցած տեղեկութիւնները նկատի ունենալով, Յարգելի Քաղաքապետը գնահատեց յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ անգամ մը եւս կրկնեց, թէ՝ կարելիութեանց սահմաններուն մէջ պատրաստ էր յանձնախումբին օժանդակելու։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման աւարտին, այցելուներ “Balyanlar, Osmanlı Mimarlığı ve Balyan Arşivi”գիրքէն օրինակ մը նուիրեցին։ Յաջորդաբար անոնք այցելեցին քաղաքապետարանի մեծագոյն գրադարանը եւ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին։ Հուսկ, Տիար Թուրան, Պատրիարք Հօր իր յարգանքն ու ողջոյնները փոխանցեց եւ յանձնախումբի անդամներուն իրենց օգտաշատ աշխատութեանց մէջ յաջողութիւն մաղթեց։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın