İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ՔՕՀԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 29 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի, ժամը 09.00-ին ընդունեց Քրիստոնէից Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ՝ Կարտինալ Քուրթ Քօհը։ Մեծայարգ հիւրին կ՚ընկերանային նոյն խորհուրդի դիւանիապետ՝ Մոնս. Պրայն Ֆարրէլ Եպիսկոպոսը, փոխ-դիւանապետ՝ Մոնս. Անտրէա Փալմիէրի, Թուրքիոյ մօտ Պապական Նուիրակութեան Արտաքին Գործոց պաշտօնատար՝ Մոնս. Ուալթըր Էրպի։ Պատուիրակաութեան կ՚ընկերանար Յունաց Պատրիարքարանէն Արժ. Տ. Նիկոդիմոս Քահանան։

Կարտինալ Քօհի գլխաւորած պատուիրակութիւնը քաղաքս կը գտնուէր Սուրբ Անդրէաս Առաքեալի տօնակատարութեան, որ նաեւ հիմնադրութեան տարեդարձն է Յունաց Պատրիարքութեան։

Հիւրերը դիմաւորուեցան Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի, Արժ. Տ.Տ. Գրիգոր Աւ., Տրդատ Աւ,եւ Շիրվան քահանաներու կողմէ։ Սիրալիր տեսակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հիւրերը զրուցեցին միջեկեղեցական յարաբերութեանց եւ աշխարհը յուզող առօրեայ հարցերու մասին, ի մասնաւորի,նկատի ունենալով համավարակի պատճառաւ զարգացած պայմանները։

Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունելութեան աւարտին Կարտինալ Քօհի նուիրեց հայկական ձեռագործ փայտեայ խաչքար մը։

Հիւրերը ընկերակցութեամբ Նորին Ամենապատուութեան եւ հոգեւոր հայրերու շրջեցան Պատրիարքարանի Յովհաննէս Կոլոտ Թանգարանը եւ հրաժեշտ առին, յայտնելով իրենց գնահատանքը։

Իսկ 28 Նոյեմբեր, Կիրակի ժամը 20.00-ին, Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանը, Կրանտ Հայաթ Պանդոկի սրահին մէջ մասնակցեցաւ Կարտինալ Քօհի կողմէ ի պատիւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին սարքուած ճաշին։ Ընդունելութեան ներկայ էին երկու եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները, քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Ասորռւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտ, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Ասորի Կաթոլիկներու Պատրինարքական Փոխանորդ՝ Մոնս. Օրհան Չանլը, Քաղդէացի Կաթոլիկ Համայնքէն Մոնս. Րէմզի Վարդապետ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın