İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԱՍԻՐԵՑ ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը, 26 Նոյեմբեր 2021, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին հիւրասիրեց ՖաթիհիՔաղաքապետ Էրկիւն Թուրանը։ Յարգելի հիւրին կ՚ընկերեանար Ֆաթիհի ՔաղաքապետականԽորհուրդի ԱՔ Փարթի Կուսակցութեան անդամուհիներէն Պիւշրա Ունճու Էօզթէն։ Ընդունելութեաններկայ գտնուեցան Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւՍամաթիոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Եսայի Տէմիր։

Հիւրերը, Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցութիւն յայտնեցին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանիվախճանման առթիւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուածփափկանկատութեան եւ զգայնութեան համար։

Յարգելի քաղաքապետը յայտնեց, թէ քաղաքապետառանի կարելիութեան սահմաններուն մէջպատրաստ էր օժանդակել մեր համայքի հաստատութիւններուն։ Նորին Ամենապատուութեանտեղեկութիւններ տուաւ քաղաքապետարանի միջոցաւ կատարուած մշակութային գործունէութեան, յատկապէս հաստատուած հանրային գրադարաններու միջոցաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնըհրաւիրեց քաղաքապետարանի մեծագոյն գրադարանը այցելելու, ընդգծելով թէ այս գրադարանիընթերցասրահը ամէն օր 24 ժամ բաց էր եւ նոյն պահուն 400 ընթերցողներ կրնային օգտուիլընթերցասրահէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ յարմարագոյն առիթով այցելել այսգրադարանը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın