İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Սեպտեմբեր 2021, Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս.  Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան անդամները, առաջնորդութեամբ իրենց ատենապետ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճանի։

Սոյն այցելութիւնը քաղաքավարական բնոյթ ունէր, որով ներկաներ նախ առիթն ունեցան Պատրիարք Հօր արագ ապաքինման մաղթանքներ փոխանցելու։ Բաց աստի, զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկան նաեւ համայնքային եւ ի մասնաւորի Ս. Խաչ Դպրեվանքի հետ առընչուած ինչ ինչ նիւթեր։ Անոնք յատկապէս վարժարանի ու սանուց միութեան առկայ վիճակին, աշակերտութեան ու շրջանաւարտներու ուսման կացութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը, փափկավարական այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի վարիչներուն։ Այս առիթով անգամ մըս եւս յայտնեց, թէ՝ ինք ուշադրութեամբ կը հետեւի վարժարանի դիրքին եւ դպրոցէն հասած իւրաքանչիւր դրական լուրը նաեւ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կը պատճառէ իրեն։ Նորին Ամենապատուութիւնը, այցելու վարիչներու ճամբով իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի Ընտանիքի անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın