İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ ԱՐՀ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԶԷՔԻԵԱՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Յունիս 2021, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանիպաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. ԼեւոնԱրքեպս. Զէքիեանը, ընկերակցութեամբ՝ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի եւ Բրշ. Յակոբ Սրկ. Մինասեանի։ Հանիպման ներկայ եղանՊատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ ՄիջեկեղեցականՅարաբերութեանց Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին ԼեւոնԳերապայծառը, Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոեանի վախճանման առթիւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ցաւակցութեան համար յանուն Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայ Համայնքին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց։ Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ որ երկու հոգեւոր առաջնորդներ զրուցեն եկեղեցական ու համայնքային ինչ ինչ նիւթերու մասին եւ ունենան գաղափարի փոխանակումներ։ Այցելութեան առիթով, Պատրիարք Հօր նուիրուեցաւ նաեւ Գերապայծառ Տիրոջ՝ վերջերս Իտալերէնի թարգմանուելով լոյս տեսած, աշխատութենէն օրինակ մը։ Մեր Հոգեւոր Պետը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն փափկավարական այցելութեան համար եւ կրկին իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Գերապայծառ Լեւոն Արքեպիսկոպոսին։ Եւս առաւել, նուիրուած աշխատութեան համար կրկին անգամ շնորհակալութիւնյայտնեց եւ իր եղբայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın