İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԱԻՐԱ ԱԼԹՈՒՆՔԵՍԷՐ ՅԱՋՈՂԱԾ Է ՆՈՅՆԱԺԱՄԱՆԱԿ ԸՆԴՈՒՆՈՒԻԼ ԱՄՆ-Ի ՄԷԿԷ ԱՒԵԼԻ ԱՄԵՆԱՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նաիրա Ալթունքեսէր  գերազանց յաջողութիւն մը արձանագրած է իր բարձրագոյն ուսման սկսելուն ընդառաջ։ Ան նոյնաժամանակ ընդունուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէկէ աւելի ամենահեղինակաւոր համալսարանները։ Սա իսկապէս շատ կարեւոր յաջողութիւն մըն է իր ապագային տեսակէտէ եւ թէ յոյժ պատուաբեր իրադարձութիւն մը պոլսահայութեան համար։

Նաիրա Ալթունքեսէր ծնած է 17 յունիս 2002 թուականին, Իսթանպուլի մէջ։ Նախակրթութեան առաջին տարիներուն յաճախած է Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը, ուրկէ անցած է «Ըշըք» վարժարանը։ Միջնակարգը աւարտած է «Չամլըճա Պիլֆեն»ի մէջ եւ աւելի վերջ մուտք գործած՝ Սկիւտարի Ամերիկեան քոլէճը։ Աշակերտութեան ողջ ընթացքին արձանագրած կայուն յաջողութիւնը ներկայիս պսակուած է արտասովոր նուաճումով մը։

Նաիրա Ալթունքեսէր ձգտած է բարձրագոյն ուսումը ստանալ արտասահմանի մէջ։ Ան այս նպատակով դիմած է ԱՄՆ-ի զանազան համալսարանները։ Նկատի ունենալով քորոնաժահրի համաճարակը՝ այս տարի մրցակցութիւնը եղած է անբաղդատելիօրէն մեծ, թեկնածուներու թիւը բարձրացած է անհամեմատելիօրէն։ Քոլումպիայի համալսարանը մուտք գործելու համար 60 հազար 551 հոգի դիմած է։ Այդ հեղինակաւոր համալսարանը մուտք գործել յաջողած է դիմողներու միայն 3.66 տոկոսը, ինչ որ կը համապատասխանէ 2 հազար 218 հոգիի։ Բայց Նաիրա Ալթունքեսէրի նուաճումը չէ սահմանափակուած միայն այդ համալսարանը մտնելու կարելիութիւնով։ Արդարեւ, ան ընդգրկուած է Քոլումպիայի համալսարանը մուտք գործելու ձգտող 10 յաջողագոյն աշակերտներու շարքին։ Այսպէսով ան Քոլումպիայի համալսարանի «Ռեպի» ամենահեղինակաւոր կրթաթոշակի ծրագրին մաս կազմած է։ Այդ 10 աշակերտներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի բացառիկ կարելիութիւններէ օգտուելու։ Նաիրա Ալթունքեսէր նախ ամբողջական կրթաթոշակի արժանացած ըլլալով՝ զերծ պիտի պահուի ուսումնավճարէ, որ կը կազմէ տարեկան 78 հազար ամերիկեան տոլար։ Իր ուսումնառութեան չորս տարիներուն տեւողութեան ան մեծ առաջնահերթութիւններ պիտի ունենայ՝ ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօտութիւններ կատարելու ճանապարհին։ Ամառնային ծրագրերով ալ պիտի խրախուսուի իր գիտական աշխատանքը։

Նաիրա Ալթունքեսէր Քոլումպիայի համալսարանի կենսաբանութեան բաժանմունքէն ներս պիտի մասնագիտանայ նեարդաբանութեան (ջղագիտութեան) վրայ։ Քոլումպիայի համալսարանը, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, ունի ամենաբարձր թիւով՝ Նոպելեան մրցանակի արժանացած դասախօսները։ Նաիրա Ալթունքեսէրի նախընտրած նեարդաբանութեան ամպիոնէն ներս ալ կը դասախօսեն՝ նոյնպէս Նոպելեան մրցանակ նուաճած մէկէ աւելի գիտնականներ։ Իր արժանացած «Ռեպի» կրթաթոշակն ալ արդէն հաստատուած է Նոպելի դափնեկիր դարձած գիտնականի մը անունով։ Քոլումպիայի համալսարանը ո՛չ միայն աշխարհի լաւագոյններու շարքին է իր խոր աւանդութիւններով եւ հարուստ ենթակառուցուածքներով, այլեւ՝ նեարդաբանութեան բնագաւառի ամենայաւակնոտներէն մին է միջազգային գետնի վրայ։

ԱՄՆ-ի ամենահեղինակաւոր ութ համալսարանները կը դասուին «Ivy League» կոչուած ձեւաչափի մը մէջ։ Անոնց շարքին Քոլումպիայի համալսարանին առընթեր կը գտնուին Հարվըրտը, Փրինսթընը, Եէյլը, Փենսիլվանիան, Պրաունը,  Քորնելը եւ Տարթմուտը։ Նաիրա Ալթունքեսէր Քոլումպիայի համալսարանին առընթեր ընդունուած է նաեւ Սթենֆըրտի համալսարանին կողմէ։ Յամենայնդէպս, շատ հաւանական է, որ ան նախընտրէ ուսումը շարունակել Քոլումպիայի համալսարանին մէջ։ Այսպէսով պոլսահայ նոր սերունդի արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն մէկուն առջեւ կ՚ուրուագծուի փայլուն հորիզոն մը՝ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ, կատարեալ պայմաններով բարձրագոյն ուսում ստանալու տեսակէտէ։ Հարկ է նշել, որ Նաիրա Ալթունքեսէրի մայրը՝ Նաժտա Ալթունքեսէր կրթական մշակ մըն է։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Նաիրա Ալթունքեսէրը, որուն կը մաղթենք բարձրագոյն ուսման փայլուն եւ նորանոր նուաճումներով լեցուն շրջան մը։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները իր երջանիկ ծնողքին՝ Արթիւր-Նաժտա Ալթունքեսէր ամոլին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/8-04-2021-մեր-համայնքէն-նաիրա-ալթունքեսէր-յաջողած-է-նոյնաժամանակ-ընդունուիլ?fbclid=IwAR1uqyExc_VsDvJR_mcsc5puZOJCBJeLf5js6nu8oFwBMmMaj6g-OSbN9FI

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın