İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԵՐԿՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Ապրիլ 2021, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջհիւրընկալեց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը, որուն կ՚ընկերանային Գատըգիւղինորանշանակ Էմմանուէլ (Ատամաքիս) Սրբազան Մետրոպոլիտը եւ Պատրիարքական ՓոխանորդԹէոտորոս Վարդապետը։ Նորին Ամենապուութեան կողքին էին Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց պատասխանատու Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւԱրժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։

Պարթոլոմէոս Պատրիարքը, Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հայրերու կողմէ եւառաջնորդուեցաւ դահլիճ, ուր երկու հոգեւոր պետեր զիրար ողջունեցին եւ Յունաց Պատրիարքը Հայոց Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց։ Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթիններկայացուց Գատըգիւղի նորանշանակ Մետրոպոլիտն ու Պատրիարքական նորանշանակ Փոխանորդվարդապետը եւ այս այցելութեան առիթով Էմմանուէլ Մետրոպոլիտը մեր Հոգեւոր Պետին նուիրեցպանակէ մը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին, Յունաց Պատրիարքը յայտնեց թէ թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն շուքին տակ դժուար կ՚ըլլար փոխադարձ այցելութիւններկատարել եւ այս պատճառաւ Ս. Ծննդեան շրջանին չէին իրականացած այցելութիւնները։ Ինք, Ս. Զատկիառիթով փափաքած էր Պատրիարքարան այցելել եւ Հայոց Պատրիարքին իր եղբայրականշնորհաւորութիւնները անձամբ փոխանցել։ Զրոյցի ընթացքին երկու հոգեւոր պետերն ալ համաձայն էին, թէ Քորոնա համավարակը մեծապէս խախտած էր եկեղեցական կեանքը, բայց եկեղեցիներսահմանափակ ձեւով կը ջանային շարունակել իրենց առաքելութիւնը։ Այս առիթով մաղթեցին, որհամավարակի ազդեցութիւնը ի մօտոյ հեռանայ մարդկային իրականութենէն եւ եկեղեցիներ իրենցծառայութիւնը շարունակեն բնական հունին մէջ։

Սահակ Պատրիարք Հայրը, շնորհաւորական այս այցելութեան առիթով եղբայրաբար շնորհակալութիւնյայտնեց Պարթոլոմէոս Պատրիարքին։ Համավարակի դժուարին շրջանին ի Քրիստոս եղբայրներումիասնականութիւնը մեծ մխիթարութիւն էր։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց թէ այս տարի համավարակիպատճառաւ արարողութիւնները դռնփակ կատարուած էին, սակայն եւ այնպէս տօնականարարողութիւններ կատարելը մեծ ուրախութիւն էր։ Այս տարի յատկապէս Աթոռոյս «Լրաբեր» տեսալսողական ծառայութեան շնորհիւ բոլոր արարողութիւնները Աթոռոյ ընկերային ցանցերուն մէջ ուղիղտեսասփռուած եւ արարողութիւնները հազարաւոր անձերու հասած էին։ Այս մէկը Աթոռոյս համար մեծգոհունակութիւն ու մխիթարութիւն էր այս շրջանին։

Մեր Հոգեւոր Պետը, այս այցելութեան առիթով նաեւ գեղեցիկ անակնալ մը ըրաւ ՊարթոլոմէոսՊատրիարքին։ Յայտնեց, թէ վերջերս Աթոռոյս կողմէ պատրաստուած էր Երանաշնորհ ՄեսրոպՊատրիարքին ձօնուած յուշամատեան մը, որուն մէջ լոյս տեսած էր նաեւ Պարթոլոմէոս Պատրիարքէգրութիւն մը եւ նկարներ։ Մեր Հոգեւոր Պետը այս առիթով, նորատիպ գիրքէն նմոյշ մը ընծայեց ՅունացՊատրիարքին։ Այս մէկը առիթ եղաւ, որ երկու Պատրիարքներ երանութեամբ յիշատակեն ՄեսրոպՊատրիարքը։

Այցելութեան աւարտին, Պարթոլոմէոս Պատրիարք շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուածհիւրասիրութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։

http://Աղբիւր։ Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın