İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, 13 Մարտ Շաբաթ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Բրկ. Միսաք Ուր. Դպ. Հէրկէլեան եւ Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Եւ Տ. Նաթան քահանաները։ Արարողութեան ներկայ էին Ատենապետ՝ Ճէմ Չափարի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամներ, Գիւղապետ Պերճ Քարթուն եւ հաւատացեալներ։

Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամը։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց թէ, Վաքըֆգիւղը յատուկ կարեւորութիւն ունի թէ՛ Պատրիարքութեան եւ թէ՛ անձնապէս իր մօտ։ Համավարակը արգելք եղած էր որ, ինք անձամբ  չկարենար այցելել գիւղը եւ նախագահել ուխտագնացութեան։ Բայց եւ այնպէս համացանցի դրութիւնը օգտագործելով, գիւղացիներուն իր խօսքը ուղղելու առիթը մխիթարութիւն կը պատճառէր։ Համավարակի մթնոլորտի մասին խօսելով, յիշեցուց թէ ժխտական պայմանները նաեւ ազդած էին գիւղացիներու առօրեային։ Այս բոլորին մէջ գիւղի բարւոք ապագան կը յանձնուէր գիւղացիներուն եւ անոնց ճիշտ որոշումներն ու քայլերը պիտի փրկէին գիւղի ապագան։ Այս առիթով յիշեցուց թէ, տնտեսական պայմաններու պատճառաւ ներգաղթ կրնայ ըլլալ եւ ապագային գիւղի բնակչութիւնը առաւել եւս կրնայ բազմանալ։ Բայց եւ այնպէս, բոլոր պայմաններուն մէջ, շեշտեց որ գիւղացիներ առանձին չեն եւ իրենց մօտ ունին Պատրիարքական Աթոռն ու Պատրիարք Հայրը։ 

Պատրիարք Հայրը նաեւ կարեւորութիւնը շեշտեց աղօթքի կեանքին եւ ուրախութեամբ անդրադարձաւ գիւղի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Աւետիս Քահանային։ Գիւղացիներուն թելադրեց որ, հետեւին Տէր Հօր պատգամներուն, քանի ինք աւելի քան 10 տարիէ ի վեր որպէս հովիւ կը պաշտօնավարէր նաեւ Վաքըֆգիւղէն ներս։ Յիշեց նաեւ Գիւղի վարչայիններն ու բնակիչները եւ մաղթեց որ անոնք ձեռք ձեռքի տալով Գիւղը լաւ ձեւով պահել շարունակեն։ 

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեւորականներ Գիւղի Գերեզմանատունը  համախմբուեցան եւ գիւղի երբեմնի աւագերէցներ՝ Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Աւ. Քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն շուրջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ։ Այսպէս, գիւղի գերեզմանատան մէջ ննջող համայն հաւատացեալներ հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան։

Արարողութեան աւարտին Աւետիս Քահանան եւ Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան հայրական հոգածութեան համար։ Վաքըֆգիւղը, Թուրքիոյ միակ Հայկական գիւղը ըլլալու հանգամանքը կը պահէր եւ այս առիթով ուրախութիւն յայտնեցին որ Պատրիարքութեան հոգածութիւնը զգալի էր իրենց մօտ։ Այցելու հոգեւոր Հայրեր, առիթն ունեցան նաեւ համավարակի սահմանափակումներուն հնազանդ մնալով գիւղի բնակիչներուն հետ զրուցելու եւ Պոլսոյ զօրակցութիւնը յայտելու Վաքըֆլըգիւղին։

Ստանպուլէն ժամանած հոգեւոր հայրեր, աւարտելով ուխտագնացութիւնը, նոյն երեկոյեան վերադարձան Ստանպուլ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın