İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՇԻՐԻՄՆԵՐՈՒ ԱՌՋԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Պատրիարքական Աթոռոյս 82րդ, 83րդ եւ 84րդ գահակալներ՝ Շնորհք Եոզղատցի (Գալուստեան), Գարեգին Բ. Պոլսեցի (Գազանճեան) եւ Մեսրոպ Բ. Պոլսեցի (Մութաֆեան) պատրիարքներ, իրենց վախճանման տարելիցներուն առթիւ, 8 Մարտ 2021, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին, Շիշլիի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ աղօթքներով յիշատակուեցան։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուած արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հայրերը, քահանայից դասը, ժառանգաւոր սաներ եւ Աթոռոյս Արմաշ Դպրաց Խումբէն անդամներ։ Թագաժահրի (Քորոնա վիրիւս) համավարակի սահմանափակումներու պատճառաւ արարողութիւնը եւս իրականացաւ սակաւ թիւով ներկաներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ համայնքային վարիչներ, Երանաշորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր ընտանեկան պարագաներն ու աշակերտներէն խումբ մը։

Ժամը 14.00-ին Ամենապատիւ Պատրիարք Հօր գլխաւորած եկեղեցականաց թափորը գերեզմանատան վարչային շէնքէն ուղղուեցաւ երանաշնորհ հովուապետներու դամբարաններուն առջեւ։ Երեք պատրիարքներու շիրիմներն ալ զարդարուած էին ծաղկեպսակներով եւ քաղցրաբոյր ծաղիկներով։ Այստեղ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արորողութիւն ի յիշատակ Երանաշնորհ Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքներու։

Արարողութեան աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը իր պատգամը տուաւ ներկաներուն եւ յայտնեց թէ՝ Մարտ ամսուան սկիզբի այս արորողութեամբ կը յիշատակուէին Աթոռոյս վերջին երեք գահակալները։ Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքները, Պատրիարքական Աթոռոյ գահակալներու գաւազանագրքի վերջին երեք ոսկեայ օղակները կը կազմէին։ Մեր Հոգեւոր Պետը երանաշնորհ երեք պատրիարքները մօտէն ճանչնալու, իրենց աշակերտը դառնալու եւ իրենց ձեռնասունը ըլլալու ուրախութիւնը ունէր։ Անոնք, հակառակ տարիներու տարբերութեան, իրենց վախճանման թուականի մօտիկութեան պատճառաւ միասնաբար կը յիշատակուէին։ Պատրիարք Հայրը, իր նախորդներէն հարուստ ժառանգ մը մնացած ըլլալուն վրայ շեշտը դնելով ըսաւ թէ միայն չի բաւեր զանոնք գերեզմանատան մէջ յիշատակել, այլ՝ միջոցներ պէտք է գտնել որ հանգուցելոց անունները գործնականապէս յիշատակուին։ Որովհետեւ, անոնք, նոյնիսկ իրենց վախճանումէն յետոյ, տակաւին տալիք դասեր ունէին իրենց ժողովուրդին։

Նորին Ամենապատուութիւնը, ապա շեշտը դրաւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վրայ, որուն անմիջական աշակերտը ըլլալու պատիւն ունէր։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով ըսաւ, որ Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ կը պատրաստուի յուշամատեան մը, ձօնուած Մեսրոպ Պատրիարքի յիշատակին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքերը եզրակացուց ըսելով.  «Անոր յիշատակը վառ պահելը կ’ըլլայ իր գործը շարունակելով։ Անոր համար պէտք է միասնաբար աշխատինք»։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın