İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ-Կիսաւեր հոգիներ

Մանուէլ Քէշիշեան

-Բարեւ: Ինչպէ՞ս ես:

Հալէպի մէջ, այս հարցումը դիմացինին հայհոյելու կը նմանի:

Չե՞ս գիտեր դիմացինիդ ինչպէս ըլլալը, չե՞ս գիտեր, թէ ան ամէն օր կ’անիծէ իր ծնած օրը: Չ’ըսես, թէ չես գիտեր, քու վիճակդ իրենինէն շատ տարբեր չէ՛:

-Լաւ եմ,- կը պատասխանէ , այնպիսի շեշտով, որմէ կարելի է ամէն ինչ ենթադրել բացի լաւէն: 

-Ի՞նչ կայ չկայ,- կը հարցնես, անտեսելով իր խօսելու չկամութիւնը: 

-Ի՞նչ պիտի ըլլայ… քովդ ի՞նչ կայ, դուն ինչպէ՞ս ես: 

Չես պատասխաներ. Կարծես չի գիտեր ինչպէս ըլլալդ: Չես պատասխաներ, բայց մտքիդ մէջ բառերու փոխարէն հայհոյանքի արտայյտութիւններ հերթի կը կենան. Կը հայհոյես այս երկրին ալ, այս չքնաղ ու հարուստ երկիրը այս վիճակին հասցնողին ալ, քու պապերդ այս երկիր բռնագաղթել ստիպողին ալ: 

-Պատերազմի օրերը այս օրերէն լաւ էին, չէ՞,- կը լսես զրուցակիցիդ ձայնը: 

Պատերազմի օրերը ասկէ լա՞ւ էին: Կը յիշե՞ս տագնապի օրերը: Կրնա՞ս մոռնալ առաջին երկու պայթիւնները, որոնցմէ մէկուն զոհ գնաց նաեւ հայ զինուոր մը: Յետոյ յաջորդեցին բազմաթիւ այլ պայթիւններ, առեւանգումներ: Առեւանգումնրը ստիպեցին մեր հարուստներուն հեռանալ երկրէն՝ մեծ մասը Պէյրութ կամ Երեւան գնաց, իբր ժամանակաւոր, որովհետեւ ոչ մէկը կ’ենթադրեր, թէ տագնապը քանի մը ամիսէն աւելի կրնար երկարիլ: Բոլորն ալ կը հաւատային Սուրիոյ պետութեան անպարտելի ուժին, օրինակ կը բերէին հայր Ասատին կողմէ անցեալ դարու եօթանասունականներու վերջի եւ ութսունականներու «Մուսուլման եղայրներ»ուն ջախջախումը: Սխալեցան լաւատեսները: Բանակը շատ արագ տկարացաւ, որովհետեւ քրիստոնեաներուն մեծ մասը երկրէն հեռացաւ խուսափելով ծառայել ներքին պատերազմ մղող բանակին, միւս կողմէ ալ, մեծ թիւով սիւննի զինուորներ խումբերով փախուստ տուին եւ միացան նորակազմ «Ազատ բանակ»ին, որ շատ արագ ուռճացաւ՝ սպառնալով գրաւել ամբողջ Սուրիան: Կը յիշե՞ս, ընդդիադիրները որքան արագ տիրեցին արեւելեան Հալէպին.  գիշերները, կը յիշե՞ս, վախը ինչպէս սողոսկեցաւ սիրտդ,  անձնագիրդ, անցագիրդ եւ այլ կարեւոր փաստաթուղթերդ ու ոսկեղէնդ միշտ պատրաստած կը քնանայիր, կամ կը փորձէիր քնանալ, վախնալով, որ ընդդիմադիրները կրնան յարձակիլ եւ գրաւել նաեւ արեւմտեան Հալէպը: Իրականութեան մէջ փախչելու տեղ չունէիր, որովհետեւ Հալէպը շրջափակուած էր, բոլոր ճամբաները ընդդիմադիրներու հակակշռին տակ էին: Առտու, երբ տունէն ելլէիր, չէիր գիտեր, թէ ողջ պիտի վերադառնաս… ամէն տեղ հրասանդներ եւ զանազան արկեր կը տեղային:  Համրա՞ծ ես, քանի անգամ մահուընէ փրկուիլդ: Քանի՞ անգամ պատահմամբ քայլերդ դանդաղցուցած ես եւ քանի մը երկվայրկեան ուշ թէքուած ես կողքի փողոց, իսկ այդ ընթացքին հոն հրասանդներ ինկած եւ աւերներ գործած են. լաւ բախտ ունեցած եւ փրկուած ես: Ամէն պայթիւնի ձայն լսելուդ՝ հարազատներէդ, ընկերներէդ , քանի՞ հոգի հեռաձայնած են քեզի, կամ, դուն՝ իրենց, վստահ ըլլալու՝ ապահո՞վ էք, արկը ձեր քով չէ՞ պայթած: Հապա՞ եթէ մէկն ու մէկը չպատասխաներ… աշխարհը տակն ու վրայ կ’ընէիր, անկէ լուր մը առնելու համար: Քանի՞ հայ չպատասխանեց, գիտե՞ս, հարիւր յիսո՞ւն, հարիւր վաթսո՞ւն: Հապա՞ միւս զոհերը: Կարծէս, թէ մեզի համար կարեւոր չէին միւսերը, մենք մե՛ր զոհերը կը հաշուէինք, մեռելներ, որոնց թաղման ամբողջ գաղութը կը մասնակցէր, ինչպիսի՜ ծէսով կը թաղէինք մեր զոհերը… Վարպետ մեռելաթաղեր ենք, ազզգովին, կը սիրենք լացը, մեր միակ մխիթարութիւնը մեր մեռելները փառաւորապէս թաղելն է կարծես…

-Տագնապի օրերուն  գոնէ կ’աշխատէինք, գոնէ դրամ կը շահէինք,- պիտի ըսես:

-Մոռցեր ես բարեկամ, տագնապի առաջին օրէն բոլորս ալ սկսանք եկեղեցիներուն եւ միութիւններուն առջեւ կարգի կենալ. բոլորս ձեռքերնիս երկարեցինք օգնութիւն աղերսելու, սկիզբը քիչ մը ամչնալով, սակայն շուտով աւելին ու աւելին պահանջելով, երբեմն անամօթաբար, նոյնիսկ պէտք չունեցողն ալ կ’առնէր, ինչո՞ւ պիտի չառներ, չէ՞ որ արտասահման գտնուող իր հեռու-մօտիկ ազգականներն ալ քանի մը տոլար տալով մասնակցած էին Հալէպի համար կատարուող հանգանակութիւններուն, տուած եւ հեռաձայնած էին ըսելով.- Գացէ՛ք եւ առէք, մենք ձեզի համար տուած ենք… 

-Ո՛չ, բարեկամս, տագնապի օրերը աւելի լաւ չէին, բայց այս օրերը նոյնքան եւ աւելի վատ են, ըսել կ’ուզեմ, «լաւ»ով պիտի չհամեմատենք մեր վիճակը, այլ՝ «վատ»ով: Ա՛յդ օրերուն մենք սկսանք դադրիլ որպէս մարդ ապրելէ, այ՛դ օրերուն մենք սկսանք փողոցը մենք մեզի խօսիլ, այսինք ամէն մէկը ինքն իր հետ, ա՛յդ օրերուն դոյլերով ջուր կրելու պատճառաւ մեր ողնասիւնը ծռեցաւ, ա՛յդ օրերուն մեր մանուկները դադրեցան մանուկներ ըլլալէ, ա՛յդ օրերուն մեր ընտանիքները սկսան բաժան-բաժան ըլլալ, այդ օրեուն սկսան հազարաւոր ծերունիներ առանձին մնալ՝ սպասելով որ դրացիները օգնութեան հասնին ցուրտ ձմեռին: Այդ ծերունիներէն քանին մահացաւ, գիտե՞ս: Չե՛ս գիտեր, չես գիտեր նաեւ, թէ քանի՞ հայ մնաց հոս, որովհետեւ ո՛չ մէկը կ’ուզէ ճշմարտութիւնը գիտնալ,աւելի դիւրին է պատասխանել 10-15 հազար: Տաս-տասնհինգը նման չէ՛ 100-105ի, որպէսզի չկարենանք իրականութիւնը գիտնալ…

Տագնապի օրերը վատ էին: Երբ Հալէպի արեւելեան շրջանները պետութեան գերիշխանութեան տակ անցան,յոյս մը ծագեցաւ մեր մէջ, յուսացինք, թէ խաղաղութիւն պիտի տիրէ, Սուրիան պիտի բարգաւաճի եւ աւելի լաւ վիճակ պիտի ունենայ քան Ծոցի երկիրներունը: Կարծեցինք, թէ  գաղթած հալէպահայերը պիտի վերադառնան… սխալեցանք, չարաչար սխալեցանք, յոյսերնիս ապագային կապելով, դառն ճշմարտութիւնը շառաչիւն ապտակի մը պէս զարնուեցաւ մեր աղաւաղուած դէմքին, երկրին մէջ շարուակուող պատերազմական վիճակը, երկրին վրայ պատիժներու առկայութիւնը, օրեցօր աճող սղութիւնն ու ամէն տեղ տարածուած փտածութիւնը  մեզ անորոշութեան առջեւ կանգնեցուց, ապագայի յոյսը օրէ օր աւելի աղօտեցաւ, , աւելին՝ մեր հոգիներն ալ աղաւաղուեցան: 

Ի՞նչ մնաց մեզի: 

-Դուն ալ պիտի համաձայնիս որ.-Ոչի՛նչ, ու պիտի աւելցնես- Յոյսերնիս Հայաստանն էր, այդ ալ քանդուեցաւ: 

-Թերեւս, թերեւս Հայաստանն ալ քանդուեցաւ , բայց ամէն մէկը ինքզինքին հարց տայ.

-Հայաստանը մեզի պէտք է միայն իր լա՞ւ օրերուն:

Թող ո՛չ մէկը չպատասխանէ միւսին փոխարէն, ամէն մէկը ինքն իրէն պատասխան թող տայ. Ո՛չ խաբուսիկ, այլ անկեղծ պատասխան: 

Մինչ այդ, հիմա՛, մեր ոչ միայն ֆիզիքական, այլ հոգեկան վիճակն ալ վատ է, շա՛տ վատ. Մեր հոգիները հիմա կը նմանին, ո՛չ թէ վերանորոգուած Քառասուն Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ, այլ տակաւին կիսաւեր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ: 

Հալէպ, 21 Փետրուար 2021

https://www.civilnet.am/news/2021/02/22/Հալէպ-Կիսաւեր-հոգիներ/420104

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın