İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ ԱՐՀ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԶԷՔԻԵԱՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Յունուար 2021, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, ընկերակցութեամբ՝ Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի։ Հանիպման ներկայ եղան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին երկու հոգեւոր պետեր գաղափարի փոխանակումներ ունեցան առօրեայ խնդիրներու կապակցութեամբ եւ մաղթեցին որ համաշխարհային չափանիշով տարածում գտած համավարակը վերջ գտնէ եւ մարդկութիւնը վայելէ բնականոն կեանքի պայմանները։ Նորին Ամենապատուութիւնը, հանդիպման աւարտին որպէս յիշատակ նուիրեց իր հեղինակած «Երկու Ուխտաւորներ» գիրքէն օրինակ մը։ Գերապայծառ Տէրը, այս առիթով ընծայուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın