İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 28 Նոյեմբեր 2020, Շաբաթ, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյս Լուսարարապետ եւ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ քահանայ հայրեր։

Ժամը 16.00-ին, Նորին Սրբազնութիւնը, հոգեւորականաց թափորով առաջնորդուեցաւ խորհրդարանէն դէպի եկեղեցւոյ մայր դուռը։  Այստեղ կատարուած Դռնբացէքի Արարողութենէն յետոյ, ներկայ հաւատացեալներ մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ աւագ խորանն ու պահարաններու Ս. Սեղանները։

Օծման արարողութենէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Արարաղութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարելաւման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Պատրիարք Հայրը ժողովուրդի մօտ եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին խօսեցաւ եւ ըսաւ թէ՝ եկեղեցւոյ մէջ թագնուած է այն հոգին, որ Հայ ժողովորդին դարեր շարունակ պարգեւած է տոկունութեան ներուժը։ Վեր առնելով Թաղային Խորհուրդին աշխատութիւնը, մաղթեց որ եկեղեցին բարեզարդեալ վիճակով ծառայէ հաւատացեալներու վերացման։ Իր խօսքերու աւարտին Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բարերարներ՝ Նուրհան Սուճուեանին եւ Մկրտիչ Սերթշիմշէքին, որոնք իրենց մասն ու բաժինը բերած էին եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութիւններուն։

Արարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։ 

Իսկ, վաղը առաւօտ, 29 Նոյեմբերին, պաշտամունքի վերաբացուած եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։

https://www.facebook.com/127576530735572/posts/1706665112826698/?sfnsn=scwspmo

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın