İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ՝ ԱԼՊԷՐ ԿԻՒԼՊԷՆԿԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի իսկապէս շատ սիրելի եւ համակրելի դէմքերէն մին՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Ալպէր Կիւլպէնկ։ Դժբախտաբար ան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակի, ինչ որ խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը, Վարդանանց երգչախումբի ընկերներով հանդերձ։

Ալպէր Կիւլպէնկ եղած է Ֆէրիգիւղի ընտանիքի սիւներէն։ Երկար տասնամեակներ մեր եկեղեցական կեանքին անսակարկ ու նուիրեալ ծառայութիւն բերած է՝ որպէս դպիր։ Իր հետեւողականութեամբ եւ կարգապահութեամբ եղած է Վարդանանց երգչախումբի անփոխարինելի տարրերէն, նաեւ լուրջ դեր ունեցած է անոր վերելքին մէջ։ Որպէս երգեցիկ մատուցած ծառայութեան առընթեր, Ալպէր Կիւլպէնկ իր հաղորդական ու շինիչ նկարագրով յաջողած է միշտ դրական մթնոլորտ ձեւաւորել երգչախումբէն ներս եւ ի շարունակութիւն իրեն վստահուած են վարչական պատասխանատուութիւններ։ Ան այդ բոլորը գլուխ հանած է յաջողութեամբ՝ միշտ իր վայելած յարգանքին ու համակրանքին շնորհիւ առաւելագոյնս շարժման անցընելով երգչախումբի ընկերները։

Արհեստավարժ կեանքին մէջ ան կը զբաղէր առեւտուրով։ Հրապարակի վրայ ալ կը վայելէր բարի համբաւ ու բոլորին տեսակէտէ նախընտրելի գործակից մըն էր։  Ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Այդ բոլորին առընթեր իր կեանքը գրեթէ նոյնացուցած էր Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին հետ։ Հայ Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնը, Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին նկատմամբ ցուցաբերած նուիրումը, իրականութեան մէջ, կը ցոլացնէին Ալպէր Կիւլպէնկի կեանքի փիլիսոփայութիւնը, որու մէջ միշտ առանցքային էր մեր ազգային-հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը եւ անոնցմով թրծուած կեանք մը ապրելու ձգտումը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Ալպէր Կիւլպէնկի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին, կրթական մշակ դստեր, համայն պարագաներուն եւ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ընտանիքին։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F16-11-2020-մահ՝-ալպէր-կիւլպէնկի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın