İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

5 Հոկտեմբեր, 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի, յանուն Արցախի կատարուեցաւ

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ:

Աղօթքի ընթացքին սուրբգրային եւ Աւետարանի ընթերցուածքներով, աղօթքներով ու քարոզներով Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթեցին Մայր հայրենիքի եւ Արցախի, անոր սահմաններու անառիկութեան, Արցախի ժողովուրդի բարօրութեան, մարտնչող զինուորներու մարտունակութեան ու սխրանքներու, եւ յանուն հող-հայրենիի նահատակուածներու հոգիներու հանգստութեան համար:

Աղօթքի վերջաւորութեան Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:

Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի խօսքը վասն Արցախի ԶՕՐԱԿՑՈւԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ընթացքին:

Աղբիւր https://www.facebook.com/StJamesBrotherhood/  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın