İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒ ՍՐԲԱԶԱՆՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ Է

Վերջին երկու օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած զինուորականյարձակումը ողջ հայութիւնը կը հրաւիրէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու հայոց բանակին, Արցախին ու Հայաստանին։ Խոր գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, թէ հայոց բանակը ամուրվճռակամութեամբ կը շարունակէ հակադարձել Ազրպէյճանի յարձակումներուն։

Այս վճռադրոշմ պահուն, երբ մեր հայրենիքին անբաժան մասը կազմող Արցախը վտանգի է ենթարկուած, մեր ժողովուրդը Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ չի կրնար սոսկ զգացական սահմաններուն մէջ իրզօրակցութիւնը յայտնել։ Անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր հայ իր արեան կանչով եւ իր հայրենիքիննկատմամբ ունեցած անխախտ հաւատարմութենէն մղուած, գործնապէս իր օժանդակութիւնը բերէ հայոցբանակի առաւել հզօրացման։

Մենք մնայուն կապի մէջ ենք Հայաստանի ու Արցախի պետական իշխանութեան, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Հայաստանի ու Արցախի մէջ զօրակոչ է յայտարարուած։Մենք եւս Մեր կարգին, հայրական կոչ կ՚ուղղենք իւրաքանչիւր հայու ընդառաջել համահայկականզօրակոչին՝ ինքզինք նկատելով Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան զինուոր։ Կոչ կ՚ուղղենք նաեւմեր բոլոր թեմերուն, կազմակերպութիւններուն, ընտանիքներուն ու զաւակներուն, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին ճամբով իրենց օժանդակութիւնը բերելու հայոց բանակի ու Արցախիհզօրացման։

Մեր ջերմ թելադրութիւնն է միանգամայն, որ մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք հայրենիքի պաշտպանութեան ուհայ ժողովուրդի յաւերժութեան համար իրենց արիւնը թափելու պատրաստ մեր զինուորները։ ՀայցենքԲարձրեալն Աստուծմէ, որ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ մեր վիրաւոր զինուորներուն ուհայորդիներուն, լուսաւորէ հոգիները նահատակ զինուորներուն եւ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ուպահպանէ Արցախը, Հայաստանը եւ մեր համայն ազգը։

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով՝

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

29 Սեպտեմբեր 2020

Անթիլիաս, Լիբանան

https://www.facebook.com/CatholicosAramI/photos/a.629905120364725/3537080649647143/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın