İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ-ՋՂԱՅԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐՈՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Նախաձեռնութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բա-ժանմունքին, Երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, ծանօթանալու համար հոգեբանական-ջղային բարդութիւններ ու խանգարումներ ունեցող հայորդիներու վիճակին, որոնք առհասարակ աննկատ կը մնան մեր հաւաքականութեան համար ու պատահականօրէն յանձնուելով բուժարաններու հոգատարութեան, կը մոռցուին բոլորին կողմէ եւ անոնց հանդէպ մեր համայնքին ունեցած պատասխանատուութեանց խնդիրը կը մնայ  բոլորովին անորոշ։

Հաւաքի սկզբնաւորութեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն․ Րաֆֆի Սիսլեան յայտնեց, որ այսօրուան տագնապալի պայմաններուն մէջ, ընկերային ծառայութիւնը դարձած է Առաջնորդարանի գործունէութեան հիմնական առանցնքներէն մէկը։ Պրն․ Սիսլեան ըսաւ, որ Առաջնորդարանը պատրաստ է նաեւ ստանձնելու հոգեբանական-ջղային խանգարումներ ու բարդութիւններ ունեցող հայրենակիցներուն հոգատարութեան խնդիրները հետապնդելու պատասխանատուութիւնը ու նաեւ անոնց ընտանիքներուն նեցուկ կանգնելու պարտականութիւնը, պայմանաւ որ համայնքէն ներս գործող ընկերային ծառայութեան բաժանմունքները մասնակից ըլլան ընդհանուր ճիգին:

Իր կարգին, Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին մօտ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկին Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ հոգեբանական-ջղային բարդութիւններ ու խանգարումներ ունեցող հայորդիներու վիճակով զբաղուելու աշխատանքը բարդ ու բազմերես է եւ կ՛ընդգրկէ  կացութեան համաձայն մասնագիտական արժեւորում, բուժման տարբերակներու ճշդում, բուժարաններու եւ համապատասխան կեդրոններու մէջ ենթականերուն համար տեղ ապահովելու խնդիր, վերոնշեալ հաստատութիւններուն հետ հետեւողական կապ պահելու եւ նիւթական յատկացումներ կատարելու անհրաժեշտութիւն ու ընտանեկան պարագաներուն հոգեբանական զօրակցութիւն մատուցելու կարիք, որոնք կ՛ենթադրեն հաւաքական կամք եւ աշխատանքին մասնակցութիւն: 

Ապա, մասնակիցները քննելով հոգեբանական-ջղային բարդութիւններ ու խանգարումներ ունեցող ծանօթ հայորդիներուն վիճակուած կացութիւնը, համաձայն գտնուեցան, որ առաջին հանգրուանին, իւրաքանչիւր կառոյց տարեկան երեք միլիոն լիբանանեան ոսկի տրամադրելով մասնակցութիւն բերէ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ տարուելիք աշխատանքին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքի տրամադրութեան տակ դնելու այս աշխատանքին համար կառոյցներուն ունեցած  կարելիութիւնները։

Յայտնենք, որ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու, Երեսփոխանական Գրասենեակի, Լիբանանի Օգնութեան Խաչի, Գարակէօզեան Հաստատութեան, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի եւ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու պատասխանատուները։

https://www.facebook.com/armprelacylb/photos/pcb.1625381604296934/1625381130963648/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın