İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Առաջնորդարան Իսթանպուլի Կաթողիկէ Հայոց

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, սիրելի որդեակներ

Վեց տարիներ առաջ այսօր, 2014 Սեպտեմբերի 13ին, Խաչվերացի Տօնի Նաւակատիքին, Ղալաթիոյ մեր պատմական եւ առաջին աթոռանիստ եկեղեցին եղող Ս․ Փրկիչ տաճարի հոյակապ կամարներուն ներքեւ, հոգելոյս երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տէրը Ներսէս Պետրոս ԺԹ․ եպիսկոպոսական սուրբ օծումին միւռոնով կ՛օծէր ճակատս, կարգելով տրուպս որպէս հայր եւ հովիւ հոգեւոր հօտին՝ զոր կը կազմէք դուք։ Ցաւոք այս տարեդարձը կը տօնենք իրարմէ հեռու, Մխիթարեան Միաբանութեան նկատմամբ Ս․ Աթոռին կողմէ ինծի յանձնուած այլ պարտականութիւններու բերմամբ։ Կ՛ուզեմ սակայն վստահացնել ձեզ բոլորդ՝ որ ձեզի մօտ եմ, ձեզի հետ եմ հոգիով ու սրտով, մանաւանդ աղօթքով։ 

Անցնող վեց տարիները նշեցին կարեւոր դէպքեր եւ հանգրուաններ մեր թեմին, մեր երկրին Թուրքիոյ, մեր Հայաստան աշխարհին, Միջին Արեւելքի մեր մօտիկ տարածաշրջանին եւ առ հասարակ մարդկութեան համար։ Չեմ կրնար չյիշել պսակաժահրի աղէտը, որ կը շարունակէ խարանել ողջ մարդկութիւնը։

Ինչ որ սակայն ամենակարեւորն է ինծի համար, այս վեց տարիներու ընթացքին մեր առօրեայ պատմութեան բեմէն տողանցող բազում դէպքերու եւ դրուագներու կողքին, մեր իրար փոխադարձ ճանաչման, իրարու հետ սերտաճող ընտելացման, փոխադարձ լաւագոյն եւ աւելի խոր հասկացողութեան, նամանաւանդ ի բարիս գործակցութեան զարգացումներն են, որոնք ուրախութեան ու երջանկութեան մեծագոյն առիթ են ինծի համար, վստահ եմ՝ նաեւ ձեզի համար։

Ստանձնելով թեմիս պատասխանատուութիւնը, հարկն զգացի որոշ բարեփոխումներու՝ որոնք կը միտին ծիսական կարգերու հանդէպ մեր հաւատարմութեան, մեր հիմնարկներուն՝ այսինքն վաքըֆներուն մատակարարման մէջ աւելի սեւեռուն ուշադրութեան, թեմիս հովուական եւ բարեսիրական կառոյցներուն աւելի նպատակասլաց եւ աշխոյժ գործարկման։ Գոհունակութեամբ ու երախտագիտութեամբ կը յիշեմ  ձեր յարումը, մասնակցութիւնը, սիրայօժար նուիրումը այս բոլոր ծրագիրներուն եւ փափաքներուն հետապնդման։ 

Ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ Աստուածամօր սուրբ պաշտպանութեան, հրաւիրելով բոլորիդ վրայ՝   Երկնաւոր Հօր օրհնութիւնը, Տէր Յիսուսի շնորհքը եւ Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը։     

Տէր ընդ ձեզ՝

† Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան

Վենետիկ, 13 Սեպտեմբեր 2020

Աղբիւր։ https://www.facebook.com/Vosgeperan1863

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın