İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելեան տարածաշրջանի առցանց առաջին ժողովին մասնակցած խմբագիրներու այցելութիւնը:

Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը իրազեկ դարձնել ժողովին արծարծուած միտքերուն ու առաջարկներուն եւ զեկուցել յետագայ աշխատանքներուն մասին:

Խմբագիրները զեկուցեցին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած մամլոյ համահայկական համագումարէն ետք, համակարգող խորհուրդը թէ՛ լիագումար եւ թէ առցանց նիստերով կ՚աշխատի իրականացնել համախմբումի տարբեր ձեւաչափերով նիստեր եւ քննարկումներ:

Այդ ծրագիրներէն բխած եւ ներկայ պայմանները նկատի ունենալով որոշուած էր գումարել տարածաշրջանային առցանց նիստեր, որոնցմէ առաջինը Միջին Արեւելեան մակարդակով տեղի ունեցած է արդէն:

Շուտով կը կայանայ նաեւ Եւրոպայի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու նիստը: Այս բոլոր աշխատանքներուն նպատակը լրագրողական ցանցը աշխոյժ պահելն է եւ համախմբուածութեան կանոնաւոր կշռոյթներ ապահովելը:

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց մամլոյ ոլորտին մէջ տարուող աշխատանքները, որոնք հետեւողականութիւն կը ցուցաբերեն եւ կ՚աշխատին միշտ արծարծ պահել անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցող հայ մամուլի առաքելութիւնը:

Իր կարգին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, կարեւոր նկատելով մամուլը համախմբելու եւ կառուցակարգուած ձեւով աշխատելու իրողութիւնը՝ յայտնեց, որ պետութիւնը միշտ պատրաստ է սատար կանգնելու Հայրենիք-Սփիւռք ուղղութեան վրայ մամուլը ներկայացնող գործիչներու համախումբ աշխատանքներուն:

Խմբագիրները անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայրապետին իր ցուցաբերած նիւթաբարոյական աջակցութեան` մամուլի պահպանման ու զարգացման եւ առաքելութեան անշեղ երթին համար: 

https://www.facebook.com/CatholicosAramI/photos/a.629905120364725/3424243920930817/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın