İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ – անզօր հիւանդներու քաղաք

Մանուէլ Քէշիշեան

78  նորերը Սուրիոյ մէջ Գորոնայով վարակուածներուն թիւը հասցուցին 1593-ի, որոնցմէ բուժուած են 408-ը, իսկ մահացած 60-ը:

Ասիկա պաշտօնական թիւերն են, որոնց արդէն ոչ ոք կը հաւատայ, նոյնիսկ յայտարարողները:

Արդէն բոլորս ալ գիտենք որ վերջին 15 օրերուն այս համաճարակը մեզմէ խլեց 13 կեանքեր, որոնց մէջ հանրայայտ մարդիկ. անոնցմէ մէկը 35 տարեկան Յուշիկ Ղազարեանը, որ գաղութի ամէնէն աշխոյժ ուժերէն մէկն էր. ան հայերէնի ուսուցիչ էր, դերասան, գրող, հասարակական-միութենական գործիչ: Ափսո՛ս:

Հանրայայտ մարդոց մահը աւելի սարսափելի դարձուց այս համաճարակը, ահաբեկեց մեզ, մանաւանդ որ ֆէյպուքի Հալէպեան էջերը վերածուեցան մահազդներու:

Մարտ-Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն երբ ամբողջ աշխարհի մէջ կը մոլեգնէր համաճարակը, Սուրիոյ մէջ մատներու վրայ կը համրուէին վարակակիրները: Մեր պետութիւնը հաստատած էր պարետային ժամ, փակուած էին դպրոցները, ճաշարանները, նոյնիսկ գործատեղիները: Արտաքին սահմանները փակ էին:

Այս ընթացքին Չինաստանէն եւ Ռուսիայէն 100-125 շնչառական գործիքներ նուէր ստացանք, որոշ քանակութեամբ նաեւ դիմակապեր:    

Յետոյ ամէն ինչ փոխուեցաւ: Մենք, ամբողջ աշխարհին հետ, ամէն ինչ վերաբացինք եւ … եւ վարակը դարձաւ համաճարակ: Վարակի բոյն էին մասնաւորապէս համալսարանները, պաքալորիայի եւ պրովէի պետական քննութիւններու սրահները. Կրնա՞ք պատկերացնել.- Քննութիւն յանձնող ծարաւ 10, 20 աշակերտի ջուր կը հրամցուէր միեւնոյն մէկ բաժակով, ըլլալի՞ք բան է ասիկա… փոխադրական միջոցներու մէջ ոչ մէկ նախազգուշական միջոց… հարսանիքներ, քէֆ-ուրախութիւն, գրկախառնումներ… այս բոլորը անարգել կը կատարուէին. պետութիւնը կը բաւականանար նախազգուշական միջոցներ թելադրելով…  իսկ մենք՝ հայերս, որ կը հոխորտանք մեր գիտակցութեամբ, որոշեցինք եւ փառաւոր կերպով կազմակերպեցինք դպրոցական աւարտական հանդէսներ, վկայականներ բաշխեցինք, իրար շնորհաւորեելով համբուրուեցանք, յետոյ ալ խրախճանքներ կազմակերպելով պարեցինք ու այս հանդիսութիւններուն դէմ եղողներուն ըսինք.- տեսա՞ք, ամէն ինչ բարեյաջող անցաւ…

Ամէն ինչ բարեյաջող անցաւ, բայց մեծ թիւով ներկաներ վարակուեցան, նախ եւ առաջ պատասխանատու անձնաւորութիւններ՝ աշխարհիկ եւ կղերական:

Իրա՛ւ շնորհաւորելի են այս սերունդի մեր շրջանաւարտները, 17 տարեկան մեր այս տղաքն ու աղջիկները տասը տարի մեծցան ռումբերու տակ, կորսնցուցին հարազատներ, դասերը սորվեցան ցուրտ եւ մութ սենեակներու մէջ: Այս տղաքն ու աղջիկները պատերազմի պատճառաւ մանկութիւն եւ պատանեկութիւն չունեցան, չգիտցան ի՞նչ ըսել է մարդկային կեանք, հիմա ալ… հիմա ալ Գովիտ 19-ի համաճարակային հիւանդութիւնները:

Այո՛, մենք ամէն կերպ «ճգնեցանք» որ համաճարակը արագ տարածուի: Կարծեցինք թէ մեզմէ հեռու պիտի մնայ այս ախտը, վստահեցանք մանկութեան ստացած մեր պատուաստներուն, վստահեցանք արդէն աղտոտ եւ հիւանդոտ մեր շրջապատին մեր դիմացկունութեան: Մինչ այդ, մեր առջեւ ծառացած էին կարգ մը դժուարութիւններ. մեր տնտեսական վիճակը շատ ծանր էր, մեր լիրան իր գնողական արժէքէն քսանապատիկ անգամ զրկուած էր, Գորոնայի պատճառաւ որոշ դեղօրայք եւ դեղօրայքի հում նիւթեր Չինաստանը դադրեցուցած էր արտադրելէ կամ արտածելէ եւ մենք առանց այդ հում նիւթերուն մնացած էինք, արեւմտեան ընկերութիւններ «Կեսար»ի օրէնքին ենթարկուելով բազմաթիւ դեղերու եւ դեղանիւթերու արտօնագրեր Սուրիոյ մէջ կասեցուցած էին, պետութիւնը դեղերը սուղցուցած էր արդէն ու խեղճ սուրիացին ինքզինք այ համաճարակին դիմաց գտաւ անզօր ու անկար:

Այսօր, վարակի քննութիւններ կատարելու շատ քիչ հնարաւորութիւն ունի պետութիւնը, այդ ալ միայն մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Կիրակի 16 Օգոստոսէն սկսեալ քննութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Հալէպի ու Լաթաքիոյ մէջ. պիտի քննուին մասնաւորաբար ճամբորդել ուզողները: Ոդիսեւսեան ճամբորդութեան պատմութիւն մըն ալ այս քննութիւնն է՝ տեղ մը պիտի վճարես, քանի մը քիլօ մեթր անդին պիտի քննուիս, քանի մը քիլօ մեթր անդիէն ալ արդիւնքը պիտի առնես… Սուրիական դիւանակալական՝ պիւրոքրաթական գործողութիւնները չարչարելու զարմանալի յատկութիւններ ունին…

Գորոնան տարածուեցաւ ու մենք վախցանք, վախցանք նաեւ Պէյրութի պայթիւնին պատճառաւ, որովհետեւ բոլոր աչքերը ուղղուեցան Պէյրութ եւ մենք՝ խեղճ հալէպահայերս, խղճալով հանդերձ պէյրութցիներուն, զօրակցիլ ուզելով հանդերձ Պէյրութի հայութեան, կասկածեցանք, թէ Պէյրութին օգնութեան ձեռք մեկնելով համայն հայութիւնը մեզ մոռացութեան պիտի մատնէ ու մենք անօգնական պիտի մնանք: Անօգնական պիտի մնանք մանաւանդ որ 10 տարիէ վարժուած ենք աչքերնիս միմիայն դուրսի օգնութեան յառելու, առանց մտածելու, որ եթէ օր մը դրսեցիները ատակ չըլլան մեզ օգնելու ի՞նչ պիտի ընենք:

 Արդեօ՞ք մեր անհատական եւ հաւաքական բոլոր հնարաւորութիւնները վերջացած են: Որեւէ ատեն մեր տեղական միջոցներուն դիմա՞ծ ենք, թէ՞ երբեք միջոցներ չենք ունեցած եւ միշտ դրսեցիներուն կարիքը ունեցած ենք: 

Բարեբախտաբար առանձին չենք:

Մեր մարդասիրական կազմակերպութիւնները արդէն արտասահմանեան իրենց կեդրոններէն դրամական յաւելեալ միջոցներ ստացած են՝ յատուկ Գորոնայով վարակուածներու բուժման ծախսերուն համար, իսկ այդ ծախսերը շատ մեծ են, նկատի առնելով, պետական հիւանդանոցներու անճարակ վիճակը եւ մասնաւոր հիւանդանոցներուն օրական 100 տոլարէ աւելի արժող բուժումները, այն պարագային երբ մեր ամսական աշխատավարձերը 40-50 տոլարը չեն անցնիր…

Կաթողիկոս Արամ Առաջինը յայտարարեց, որ քանի մը օրէն դեղօրայք պիտի ղրկէ Հալէպ: Հայաստանի կառավարութիւնը տագնապի առաջին օրէն մեր կողքին եղած է, Ռուսաստանցի հայերուն ղրկած ալիւրին որակը մինչեւ հիմա ալ կը գովեն հայ տանտիկինները, Հալէպի մէջ կը գործեն մարդասիրական առաքելութեան հայաստանցի բժիշկները. այս անգամ ալ Հայաստանի հանրապետութիւնը վստահաբար պիտի օգնէ մեզ, ուղարկելով վարակաբան մասնագէտ բժիշկներ եւ դեղօրայք: Բայց մենք պէտք է քիչ մը եւս պէտք է դիմանանք գիտնալով, որ Հայաստանը պետութիւն է եւ միմիայն միջ-պետական համաձայնութեամբ կրնայ բժիշկներ ղրկել Սուրիա, վստահաբար պիտի չյապաղին մեր հանրապետութեան այրերը: Կը հաւատանք:

Կը մնայ գիտակցիլ, որ այս ամէնէն առաջ պէտք է աշխատինք հեռու մնալ վարակէ. ընենք ա՛յն, ի՛նչ կ’ընէ համայն մարդկութիւնը, դիմակապեր դնենք, հեռաւորութիւն պահպանենք եւ յաճախակի լուանք մեր ձեռքերը… միեւնոյն ատեն փորձելով զօրացնել մեր դիմադրողականութիւնը, որ մեր պայմաններուն դժուար է, որովհետեւ որակաւոր ուտելիքները չափազանց սուղ են, իսկ վիթամին C-ն եւ այլ կենսաիւթեր անգտանելի են կամ չափազանց սուղ:    

Եւ անզօր Հալէպը կը շարունակէ ապրիլ տխուր ու ընկճուած:

Որու ալ որպիսութիւնը հարցնես կը պատասխանէ.-

-Լաւ եմ բայց փորհարութիւն ունիմ…

-Լաւ եմ բայց չոր հազ ունիմ….

-Լաւ եմ բայց շունչի նեղութիւն ունիմ…

-Լաւ եմ բայց  ինքզինքս յոգնած կը զգամ…

-Լաւ եմ բայց համ, հոտ չեմ առներ…

Ու այս «Լաւ եմ բայց»երը չեն վերջանար, բոլորս ներշնչելով որ Գորոնայով վարակուած հիւանդներ ենք, ու բժիշկներն ալ նոյնը կը ներշնչեն, իրենց բոլոր դիմողներուն կը թելադրեն տունը մնալ եւ սիթամոլ-բանատոլ առնել… մինչ քաղաքին մէջ քիչ չեն նաեւ այլ վտանգաւոր հիւանդութիւններ ինչպիսին է Մալթեան հիւանդութիւնը եւ ժանտատենդը՝ թիֆօիտը…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 15 Օգոստոս 2020

https://www.civilnet.am/news/2020/08/16/Հալէպ-անզօր-հիւանդներու-քաղաք/392701

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın