İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱՅԻՐԱ ՍԵՐԹՇԻՄՇԷՔ ՁԻԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նայիրա Սերթշիմշէք փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է ձիավարութեան մէջ։ Ան շատ փոքր տարիքէ ի վեր հետամուտ է այս մարզաձեւին եւ արդէն սկսած է քաղել իր հետեւողականութեան պտուղները։ Անցեալ շաբաթավերջին՝ 8-9 օգոստոսին, «Տիլա» մարզակումբին մէջ տեղի ունեցաւ 2020 թուականի Թուրքիոյ ձիավարութեան առաջնութիւնը։ Այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Նայիրա Սերթշիմշէք, որ արձանագրեց ուշագրաւ եւ փայլուն յաջողութիւն մը։ «Նոր ձիավարներ»ու ան-ւանակարգին մէջ Նայիրա Սերթշիմշէք հանդիսացաւ ախոյեան։ Մրցաշարքի ընթացքին ան բարձր գնահատանքի արժանացաւ բոլորին կողմէ թէ՛ իր նկատելի արդիւնքով եւ թէ խոստացած ապագայով։ Առաջնութեան աւարտին իրեն հանդիսաւոր ձեւով յանձնուեցաւ ախոյենութեան բաժակը։ Հարկ է նշել, որ ան Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը կը յաճախէ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Նայիրա Սերթշիմշէքը, որուն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ։ Նոյն ուրախ առթիւ մեր խնդակցութիւնները իր ծնողքին՝ մեր սիրեցեալ բարեկամ Սարվէն-Միրէյ Սերթշիմշէք ամոլին։ 

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/11-08-2020-նայիրա-սերթշիմշէք-ձիավարութեան-մէջ-թուրքիոյ-ախոյեան-հանդիսացաւ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın