İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՄԷՋ ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ՍԿՍԱՒ ԴՌՆՓԱԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյս մէջ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ, 5 Յուլիս 2020, Կիրակի, Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի Տօնին։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասէ անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Ք. Աքպուլութեանի։

Արարողութիւնը սկսաւ 09.00-ին եւ իր աւարտին հասաւ ժամը՝ 11.00-ին։ Քորոնա համաճարակի պատճառաւ արարողութիւնները տեղի ունեցան դռնփակ, սակայն՝ ընկերային հեռաւորութեան կանոններուն հնազանդ հաւատացեալներ, եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներու եւս հսկողութեան ներքեւ, պարտէզէն մասնակցեցան արարողութեան։ 

Արարողութեան աւարտին, Հայր Սուրբը, Պատրիարքական Աթոռոյ տնօրինութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն, յայտնելով թէ՝ ցնոր տնօրինութիւն արարողութիւնները պիտի կատարուին դռնփակ, սակայն ուխտաւորներ ընկերային հեռաւորութեան կանոններուն հնազանդ մնալով, հնարաւորութիւնը պիտի ունենան պարտէզէն մասնակցելու արարողութեան եւ ունկնդրելու Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը։ Այս առթիւ Հայր Սուրբը շեշտեց թէ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղային խորհուրդն ու սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, առողջապահական բոլոր միջոցառումներուն խստօրէն կարեւորութիւն պիտի ընծայեն, սակայն այս մէկը արգելք պիտի չդառնայ որ ուխտաւորներ զրկուին Ս. Պատարագէ։ Եւս առաւել, Հայր Սուրբը յիշեցուց թէ՝ յընթացս Ս. Պատարագի, Ս. Հաղորդութիւն պիտի չմատակարարուի, սակայն փափաքողներ հոգեւոր հովիւին դիմելով պատշաճ ժամանակներուն պիտի կարենան ստանալ Ս. Հաղորդութիւն։

*Յետ այսու, մինչեւ Ամրան եղանակի վերջը, հաւատացեալները կը հրաւիրենք հետեւելու եկեղեցիէ ներս կատարուած տնօրինութեանց։ Այս առթիւ բարի եւ օրհնեալ ամրան շրջան կը մաղթենք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին։ 

ԱՌ ԿՂԶԵՑԻՍ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ

https://www.facebook.com/krikorlusavoric/photos/a.657533221004478/3054662891291487/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın