İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ՝ ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի Տօնին, 2 Յուլիս 2020, Հինգշաբթի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, տօնական արարողութիւն տեղի ունեցաւ Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ։ Նկատի ունենալով Քորոնա համավարակը, արարողութիւնը դռնփակ կատարուեցաւ, սակայն՝ Պատրիարքական Աթոռոյս դիմատետրի էջէն ուղիղ սփռուեցաւ։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Աթոռոյս միաբաններն ու քահանայ հայրերը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին, Պատրիարք Հայրը քարոզեց. «Աշխատեցէք երբ որ ցերեկ է, որովհետեւ գիշեր մը կուգայ, ո՛չ ոք կրնայ աշխատիլ» բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշատակեց Ս. Սահակ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի հսկայ գործունէութիւնը ու յայնտեց թէ, ժողովրդական եւ անհատական յիշատակութեանց մէջ միշտ յիշատակելի դարձած են դրական եւ կամ ժխտական գործունէութիւնները եւ այդ բոլորին պատասխանատուները։ Հայ ժողովուրդի անցեալի նշանաւոր դէմքեր՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, միշտ կը յիշատակուին իրենց պատմութիւն կերտող գործունէութեամբ, որով Ս. Գիրքի Հայերէնի թարգմանութիւնը կատարուեցաւ ու Աստուած խօսիլ սկսաւ հայերէնով։ Պատրիարք Հայրը այս առթիւ շեշտեց, թէ յիշեալ սուրբերու աշխատութիւնը հաւատքով զինուած գործ մըն էր եւ Աստուծոյ ողորմութեամբ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը նաեւ շեշտադրեց Հայերէնի կարեւորութիւնը հայ իրականութենէ ներս եւ յուզումով ներկայացուց հայախօսութեան նոսրացումը, յատկապէս արտասահմանի մէջ։ Ըսաւ, թէ քաղաքականութեանց զարգացման հիմնական կէտերէն մին կը հանդիսանայ Ս. Գիրքի թարգմանութիւնը եւ հայեր այս մէկը կատարեցին 1600 տարիներ առաջ։ Ուրեմն ներկայ սերունդը պէտք է ուշադրութեամբ հետեւի այս անցեալին, որպէսզի ան չդառնայ իր լեզուն թաղող սերունդի մը։ Այս առթիւ, Նորին Ամենապատուութիւնը, շնորհաւորեց նաեւ Հայ գիրի եւ գրականութեան ծառայած բոլոր սպասաւորներու տօնը։

Պատրիարք Հայրը յայտնելով նաեւ թէ՝ այս տօնը նաեւ իր ձեռնադրութեան տարեդարձն է, յատկապէս յիշեց՝ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի Տօնին վախճանած՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանը, իր հոգեւոր ծնողը՝ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանը, ինչպէս նաեւ՝ Շնորհք եւ Մեսրոպ Պատրիարքները։ 

Քարոզի աւարտին, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ՝ հոգւոցն Պատրիարքական Աթոռոյս երանաշնորհ հովուապետներուն։ Յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ, տեսուչներ, Հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորները։

Արարողութեանց աւարտին, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, սիրոյ սեղան սարքուեցաւ Պէզճեան Սրահին մէջ, որով տօնական մթնոլորտի մէջ, ներկայ հոգեւորականներ շնորհաւորեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր անուանակոչութեան եւ ձեռնադրութեան տարեդարձները՝ կարկանդակով մը։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın