İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԻԵՆՆԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Փանկալթիի Վիեննական Մխիթարեան Լիսէի խումբ մը սաներ 10 Յունիս 2020, Չորեքշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Խումբին կ՚ընկերանային Վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէն Եւա Օրագեան եւ ուսուցիչներ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Սէռն Համալսարանի կազմակերպած մրցոյթին մասնակցելով, բնագիտութեան (ֆիզիք) բնագաւառի մէջ յաջողութիւն արձանագրած եւ գնահատագիրով պսակուած աշակերտները Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան արժանանալով հրաւիրուած էին մեր հոգեւոր կեդրոնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց աշակերտները եւ շեշտեց ուսման եւ գիտութեան այս դարուն նման բնագաւառներու մէջ տարուած յաջողութիւններու կարեւորութիւնը։ Մեր հոգեւոր պետը ըսաւ ինք ուրախ կ՚ըլլայ այն ամէն յաջողութեամբ, որ մեր համայնքի անդամը անհատապէս կամ անդամները՝ խմբովին կ՚արձանագրեն սա կամ նա գետնի վրայ։ Եւ ուրախացուցիչ է, որ նման առիթներ չեն պակսիր, քանի մեր համայնքային վարժարանները զանազան առիթներով, զանազան յաջողութիւններով բեմ կը բարձրանան։ Ամենապատիւ Տէրը շնորհաւորեց իւրաքանչիւր աշակերտն ու իրենց ուսուցիչները, տնօրէնները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին։ 

Այցելութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը գիրքեր նուիրեց աշակերտներուն։

Ապա անոնք շրջեցան Պատրիարքարանի շէնքը, այցելեցին նաեւ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը, ուր տեղեկութիւններ ստացան Թանգարանի պատասխանատու՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանէ։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/photos/a.127587797401112/1559445100882034/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın