İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանին

Սրբազան հայր,

Համավարակի շրջանին, հանրութեան հետ զօրակցութեան կէտերէն մին կը նկատէի «Մեր հայեր» խմբակը, որու յայտագրին ընթացքին ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով կրկնեցի պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ իմ կարծիքս, զոր յայտնած էի նախընտրական շրջանին եւս։ Դառնութեամբ տեսայ սակայն, որ այս կարծիքիս դիմաց հրապարակած էք զիս եւ մեր համայնքի անդամները որպէս թիրախ ցոյց տուող գրութիւն մը՝ գործածելով այնպիսի ոճ մը, որ վայել չէ հոգեւորականի մը։

Անցեալ տարի կայացած պատրիարքական ընտրութեան համար Ներքին գործոց նախարարութեան ուղարկած կանոնադրութիւնը լրջօրէն կը հակասէր 1961-ի, 1990-ի եւ 1998-ի կանոնագրութիւններուն, նոյնիսկ 1863-ի Ազգ. Սահմանադրութեան՝ ակնյայտօրէն սահմանափակելով պատրիարքական թեկնածուներու առաջադրումը, հետեւաբար հակասելով նաեւ մեր ժողովուրդի աւանդութիւններուն։ Մեր ընտրական համակարգի ժողովրդավար կառոյցին եւ արդարութեան ներհամայնքային ընկալումին սպառնացող 2019-ի կանոնադրութեան առանց որեւէ բողոքի ընդունումը, հետեւաբար ի գին միւս 11 բնական թեկնածուներուն իրաւունքին ոտնահարման կայացած պատրիարքական ընտրութիւնը խորունկ վէրք մը յառաջացուցած է մեր համայնքի խղճին վրայ՝ ապագայի ընտրութիւններն ալ առնելով իր հակակշռին տակ։

Անշուշտ գործընթացը մէկ արտացոլումն է Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան առկայ կաղացումներուն։

Դուք այդ շրջանին կը վարէիք պատրիարքական տեղապահութեան պաշտօնը եւ դժբախտաբար ի գործ չդրիք կանոնադրութիւնը բողոքարկելու ձեր իրաւունքը, զոր գործածած էին ձեր նախորդները։ Նախքան ընտրութիւնը, անձամբ փոխանցած էի ձեզի, թէ «նման պայմաններու տակ կայանալիք ընտրութիւնը հանրութեան խղճին առջեւ պիտի չարդարանայ, ընտրեալ պատրիարքը հարկ եղած յարգանքը պիտի չվայելէ»։ Անցեալ տասնամեակին որպէս «պատրիարքարանի դրածոյ» պաշտօնավարած Արամ արք. Աթէշեան իրաւամբ վերածուած էր հանրային ընդդիմութեան թիրախին։ Շատ լաւ գիտէիք, թէ իրեն եւ ձեր միջեւ կայանալիք ընտրութեան մը արդիւնքին «պիտի յաղթէք» եւ պիտի հաւաքէք բոլոր այն քուէները, որոնք ձեզի պիտի տրուին ի հեճուկս Աթէշեանի։ «Աթոռի տենչը» պատճառ դարձաւ, որ ոտնակոխ ընէք մեր աւանդութիւնները եւ ձեր հոգեւոր եղբայրներուն թեկնածութեան իրաւունքը։ Հուսկ, «շահեցաք» ընտրութիւն մը, որու ընթացքին մեր համայնքի անդամները մեծ մասամբ քուէարկած էին որպէսզի «Արամ Աթէշեանը պատրիարք չըլլայ»։

Մեր հանրութեան ծանրակշիռ մէկ հատուածը, որուն մաս կը կազմեմ նաեւ ես, անցեալ տարուան պատրիարքական անարդար ընտրութեան վերաբերող իր կարծիքները ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, կը փորձէ բացէիբաց յայտնել՝ առանց հեռանալու պատրիարքութեան նկատմամբ իր ունեցած սիրոյ եւ յարգանքի զգացումներէն։ Այս ընդդիմադիր կեցուածքը, կը մտածեմ, պէտք չէ ընկալէք որպէս վատութիւն կամ թշնամութիւն։ Վերջապէս կատարուած քննադատութիւնն ու ընդդիմութիւնը կը փորձենք ընել Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւնը դարձնելու համար հաստատութիւն մը, որ աւելի զօրաւոր է եւ արժանի՝ աւելի մեծ յարգանքի։ Մտահոգութիւնս հետեւեալն է. այս խաւար ժամանակաշրջանին ձեզմէ պիտի պահանջուի վճարել տուրքը այս աթոռին, որ ձեզի շնորհուած է պետութեան ստիպմամբ։ Կը մաղթեմ, որ այս պարագային ամուր ըլլաք։

Ձեր գրութեան մէջ ոչ ճիշդ արտայայտութիւններ ունեցած էք Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան (ՀՏՓ) հասցէին, որու հիմնադիրներէն մէկն եմ եւ կ՚անդամակցիմ իր վարչութեան։ ՀՏՓ-ի գլխաւոր նպատակն է երկրի մէջ ժողովրդավարութեան, մնայուն խաղաղութեան, համակեցութեան եւ հանրային արդարութեան հաստատումը։ Պետութիւնը առանց արդարութեան ղեկավարողներու կողմէ արդէն իսկ թիրախի վերածուած մեր կուսակցութիւնը՝ անընդունելի է որ ըլլայ նոր թիրախ մը՝ արդարութիւն քարոզելու կոչուած ձեր նման հոգեւորականի մը համար։ Ես եւ իմ ընկերներս պիտի շարունակենք պայքարիլ արդարութեան համար, զոր կ՚անտեսէք դուք։

Ինչպէս քանիցս պատահած է անցեալին, մեր երկրին մէջ կը տիրէ անխիղճ ու անարդար մթնոլորտ մը, որ անխուսափելիօրէն իր անդրադարձը կ՚ունենայ նաեւ մեր փոքրիկ համայնքէն ներս։ Այս խաւար շրջանը վաղ թէ ուշ պիտի վերջանայ։ Ժողովրդավար հասարակութեան մէջ փոփոխութիւնները տեղի կ՚ունենան ժողովրդավար ընտրութիւններու արդիւնքին։ Երբ որ այս մթնոլորտը ստեղծուի՝ յուսամ մեր հասարակութենէ ներս եւս փոփոխութիւնները պիտի կատարուին ընտրութիւններով։ Այդ օրը երբ գայ եւ երբ դուք պատրիարք ընտրուիք ժողովրդավար ընտրութեամբ՝ ձեզ առաջին շնորհաւորողը ե՛ս պիտի ըլլամ։

Այս մթնոլորտին մէջ հայ համայնքը կարիք չունի քանդիչ վիճաբանութիւններու։ Այս շրջանին մեր բոլոր ուժերը կ՚առաջարկեմ կեդրոնացնել հայ համայնքի կուտակուած հարցերը լուծելու վրայ։

Յարգանօք՝
Կարօ Փայլան

https://www.facebook.com/gpaylan/posts/2988298637926699?__tn__=K-R

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın