İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

ՍԱՀԱԿ Բ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
27 Մայիս 2020

ՀՏՓ Կուսակցութեան Տիյարպագըրի Երեսփոխան՝ Յարգելի Կարօ Փայլան, որ 26 Մայիսի գիշերուան ժամերուն մասնակցած էր Յարգելի Արեւ Ճէպէճիի Ինսթակրամի վրայ վարած ասուլիսին։ Յարգելի Փայլան, նկատելով որ անձս՝ Սահակ Բ Պատրիարքը անարդար ընտրութեամբ, աթոռի տիրանալու կիրքով, պետութեան միջամտութեամբ Պատրիարքական Աթոռ բարձրացած էր, յայտնած էր թէ պատրիարքութիւնս չէր ճանչնար եւ պիտի չճանչնար։ Այլ առիթներով ալ տեւաբար յայտնուած այս պնդումը, այս առիթով անգամ մը եւս կրկնուած էր։ 
Որքան որ ալ երկար ժամանակ չէինք հակուած պատասխանել այս ծիծաղելի պնդումին, սակայն եւ այնպէս հարցին մասին լուսաբանութիւն մը տալը հարկաւոր նկատեցինք, այն մտահոգութեամբ թէ, հաւանական էր որ ըստ բաւականի տեղեկութիւն չունեցող եւ կամ անցեալ գործընթացները լաւ չյիշող անձաւորութիւններու մտքերը պղտորէին։

1. Պատրիարքական ընտրութիւնը շուրջ 12 տարիէ ի վեր չէր կատարուեր։ Այս ընտրութիւնը իրագործման հունին մէջ մտաւ յետ դժուարին գործընթացներու, ի վերջոյ կատարուած Տեղապահի ընտրութեամբ եւ Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի կազմութեամբ։ Պաշտօնական մարմիններ 1863ի Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւնները ցոլացնող կանոնագրութիւն մը ուղարկեցին։ Կանոնագրութեան այն յօդուածը, որ արտասահմանեան կարգ մը եպիսկոպոսներու ընտրութեան արգելք կը հանդիսանար, համայնքի գրեթէ բոլոր խաւերուն մասնակցութեամբ քննարկուեցաւ, վիճաբանութիւններ եղան եւ յետ ժողովրդավար սկզբունքներով կատարուած քուէարկութեանց, ստորեւի մարմինները ընդունեցին թէ, խնդրոյ առարկայ յօդուածը արգելք չէր հանդիսանար պատրիարքական ընտրութեան։
Ա. Համայնքային եւ թաղային մարմիններու ատենապետներու ժողովը
Բ. Նախաձեռնարկ Մարմինը
Գ. Կրօնական Ժողովը
Դ. Եկեղեցական Համագումար Ժողովը։
Բնականաբար երբ արդիւնքները իրենց ակնկալութիւններուն չէին համապատասխաներ, ժողովրդավարութեան պիտակին տակ գործընթացը խանգարելու մէջ արգելք մը չտեսան։

2. Երկու թեկնածուով կատարուած ընտրութիւնը անարդար նկատելու պնդումով ներկայացողներուն կ՚ուզենք յիշեցնել թէ, Հանրապետական շրջանի ընտրութիւններէն ոչ մէկը կատարուած էր երկուքէ աւելի թեկնածուով, նոյնիսկ երբեմն կատարուած՝ մէկ թեկնածուով։

3. Ասուլիսի ընթացքին յարգելի Փայլան կը պնդէ թէ իրենց աչքերը աթոռին տիրանալու կիրքով շլացած երկու Պոլսեցի Սրբազաններ եւ անզգայ վարչայիններ այս «մեծ» անարդարութեան նկատմամբ լուռ կեցած էին։ Սակայն այս պնդումին առընթեր ինչո՞ւ է չենք գիտեր չուզէր յիշել կամ յիշեցնել թէ, Հանրապետական շրջանին կատարուած ընտրութեանց մէջ այս վերջին ընտրութեան մասնակցած են ամենաբարձր թիւով քուէարկողներ, որոնք ժողովուրդին պատրիարքը ընտրելու համար քուէատուփերու առջեւ երկար շարքեր կազմեցին։ Գործածուած աւելի քան 15 հազար քուէներուն մէջ սպիտակ քուէներու թիւը հասաւ միայն 300ի։ Այս քուէները ձայներն էին անոնց որոնք յարգելի երեսփոխանին նման ընտրութիւնները անարդար որակած էին։ Այսինքն ժողովուրդը իրենց պէս չէր մտածեր։ Սակայն յաչս մեր ժողովրդավարութեան առաքեալներուն եւ սենեկային ընկերվարականներուն, ի՞նչ գիտէ ժողովուրդը։ Եթէ Կանոնագրութեան առարկէինք, մենք այսօր տակաւին պատրիարքական ընտրութեան մասին պիտի խօսէինք եւ ղրկուելիք կանոնագրութեան սպասման դիրքի վրայ պիտի գտնուէինք։ Բայց թող ըլլայ։ Ուզուածը այն էր որ, իրենց աղը չոր ժողովրդավարներու «արդարութեան» մտասեւեռումին առջեւ ամէն ոք գլխարկ հանէ, հոգ չէ թէ համայնքը կործանի։ Անոնք ժողովուրդին պատգամը տակաւին չեն հասկցած ու շուարումի մատնուած վիճակի մէջ տեւաբար իրենց մտաւորական գլուխները կը քերեն։

4. Կարօ Փայլան, յետ ընտրութեան Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահին եւ Մեծայարգ Ներքին Գործոց Նախարարին ուղարկուած արարողակարգային բնական շնորհակալութեան նամակները տակաւին ո՞րքան ատեն պիտի չարաշահէ։ Բոլոր պատրիարքական ընտրութիւններէն յետոյ կատարուած ընթացիկ այս թղթակցութիւնը, ապացոյցը կը նկատէ թէ ես ոչ թէ ազգընտիր այլ պետութեան կողմէ նշանակուած պատրիարք մըն էի եւ իբրեւ թէ անոր համար շնորհակալութիւն յայտնած։ Այս խեղաթիւրումը եւ սուտը տակաւին որքա՞ն ատեն պիտի շարունակէ։

5. Պատրիարք ընտրուելէս յետոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Ն.Ա.Տ.Նուրհան Պատրաիրքը եւ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսները, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, քոյր եկեղեցիները, Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Տիեզերական պատրիարքը, Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորեցին զիս, առանց դոյզն իսկ ակնարկութիւն մը ընելու, որպէս թէ գործուած անարդարութեան մը մասին։ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահը եւ Մեծայարգ Վարչապետը եւս անարդարութեամբ ընտրուած պատրիարքը շնորհաւորողներու շարքին մաս կազմած են։ Պարոն Կարօյի դրդումով բացի ՀՏՓէ բոլոր կուսակցութիւնները շնորհաւորած են մեր պատրիարք ընտրուիլը։ Սակայն այս բոլորէն գերիվեր, մեր երկրի Վսեմ. Հանրապետութեան Նախագահը եւ պետական աւագանին մեր պատրիարքութիւնը ճանչցած, շնորհաւորած եւ օժտած են սքեմ կրելու լիազօրութեամբ։ Յետ ընտրութեան ժողովուրդիս ցնծութիւնն ու ուրախութիւնը կ՚ընկալեմ որպէս գերազանց վաւերացում։ 

Մենք Թուրքիոյ Հայոց 85րդ պատրիարքն ենք եւ այս ուղղութեամբ ոչ մէկ կասկած ունինք, միայն մեր սիրտը կը ցաւի։ Սակայն, փոխանակ անցեալի ցաւերը ամոքելու, զանոնք շարունակ արիւնելու միտող այս կեցուածքները մեզի շատ ու շատ կը տրտմեցնեն։ Կարօ Փայլանի նման արժէքաւոր անձերու մտասեւեռումները, սխալէն ետդարձ չընելու յամառութիւնները, որպէս միշտ իրաւացին, միշտ ամէնէն ուղղամիտը, միշտ ամենէն արդարը յայտնուելու ջանքերը, երեւակայական աշտարակներ կառուցելու իրենց մարմաջը՝ առանց անդրադառնալու թէ ինչեր կը կործանեն, մեզ կը մատնեն խոր յուսախաբութեան։ 

Կարօ Փայլան Քրտական կուսակցութեան մը վարչութեան մէջ բարձր դիրքերու հասած ըլլալովը երբ կը հպարտանայ, արդեօք չա՞նդրադառնար թէ իր ժողովուրդի նուիրապետութեան վնաս կը պատճառէ։ Չա՞նդրադառնար միթէ։ Իր Հայութեամբը երբ Քրտական դատին կը ծառայէ, իսկապէս կրնա՞յ անդրադարցած չըլլալ թէ, նոյն Հայութեամբը անխղճօրէն կը կացինահարէ իր ժողովուրդին վարչութիւնը։ Միթէ ճիշդ ա՞յդ իսկ է իր ընել ուզածը։ Արեւ Ճէպէճիի հետ կատարուած ասուլիսի ընթացքին շեշտադրուած համայնքային կեանքէն ներս իրագործելի արմատական փոփոխութիւնները ինչպէ՞ս կը յուսան իրականացնել։ Ամէն բանէ առաջ անարդար պատրիարքը գահընկե՞ց ընելով։ Կարօ Փայլան շատ վստահութեամբ կը խօսէր թէ այդ մէկը կարճ ժամանակի մէջ պիտի կարենար իրագործել։ Հատուածներու բաժնուած մեր ժողովուրդը տակաւին ո՞րքան բաժնել կը մտածեն։ Կարօ Փայլանի երազը այս համայնքին ապրեցնե՞լ է միթէ Հրանդ Տինքի եւ Մեսրոպ Պատրիարքի միջեւ գոյացած հակամարտութեան մղձաւանջը։ Ըստ երեւոյթի, քիչ մը եւս եթէ ջանայ պիտի յաջողի։ 

Բարկացած եմ, անոր համար որ այս ամուլ ընթացքները կը ներկայացուին, որպէս համայնքի ազատութիւն. բարկացած եմ ի տես մտաւորական շփացածութեան, որոնք կռիւները կը սրեն եւ կը փառաբանեն, զանոնք զարդարելով միութեան եւ եղբայրութեան լոզունքներով։ Կ՚ափսոսամ ժողովուրդիս զաւակներուն զիրար մաշեցնող կիրքերուն, վատնուած ժամանակին եւ անոր համար որ տակաւին չենք կարողացած հասարակաց մտածողութիւն մը գոյացնել։ Գիտեմ թէ բարկանալու իրաւունք ունիմ, սակայն ամենեւին իրաւունքը չունիմ յուսահատուելու։ Տակաւին կ՚ուզեմ հաւատալ թէ կարելիութիւնը կայ դարձի եւ յարգելի Կարօ Փայլանի հետ կամուրջները բոլորովին փուլ չեն եկած։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ։ Ես յոյսով պիտի սպասեմ։
Աղօթարար՝

Սահակ Բ
Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın