İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՑԱՒԱԼԻ ՊԱՏԱՀԱՐ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ցաւալի դէպք մը պատահած է 8 Մայիս 2020, Ուրբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերուն՝ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ փողոցի դրան առջեւ։

Անծանօթ անձ մը փորձած է հրկիզել Եկեղեցւոյ արտաքին դուռը ու ապա՝ փախչած։ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը շարժման անձնելով դիմած է Ապահովութեան Տնօրէնութեան։

Մինչ, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը տեղեակ կը պահէր Պատրիարքական Աթոռը, արդէն Ստանպուլի Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնի օգնականը կապ պահելով Աթոռոյս հետ յայտնած է իր ցաւը եւ շեշտած է, թէ ի մօտոյ պիտի ձեռբակալուի յանձագործը։ 

Դիւանիս կողմէ կատարուած պրպտումներուն համաձայն, ո՛չ Եկեղեցւոյ մէջ, ո՛չ համալիրին մէջ եւ ո՛չ ալ Դրան առջեւ կամ պաշտօնէութեան վրայ որեւէ վնաս գոյացած է։

Ինչպէս յայտնի կը դառնայ Ստանպուլի Կուսակալութեան, Մամլոյ ու Հանրային Յարաբերութեանց Տնօրէնութեան հաղորդագրութենէն կասկածելի անձը արդէն ձերբակալուած է երեկոյեան ժամերուն եւ կը շարունակուին պրպտումներ։
Առ ի տեղեկութիւն կը յայտարարենք մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն։

Դիւան Պատրիարքութեան

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/photos/pb.127576530735572.-2207520000../1520320084794536/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın