İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Միացեալ Նահանգներ. Ռէտմոնտի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին յարձակումի ենթարկուած (Լուսանկարներ)

Վանտալիզմի դատապարտելի  դէպք մը գրանցուած է Միացեալ Նահանգներ Ուաշինկթըն նահանգին մէջ։

 Այս  մասին «Արեւելք»    տեղեկութիւն ստացաւ   Միացեալ Նահանգներու   Արեւմտեան  ափի  Առաջնորդարանի  մօտիկ աղբիւրներէն։

  Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ    Ուաշինկթընի Ռէտմոնմ  քաղաքին մէջ գործող միակ  հայկական  եկեղեցին օրեր առաջ  ենթարկուած է յարձակման, որուն հետեւանքով ալ     վանտալիզմի հեղինակները   կոտրած են  Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ   Սուրբ Խորանի   ետին գտնուող     ապակեայ   պատուհանի ապակիները։

 Եկեղեցւոյ  պատասխանատուները, որ դէպքին մասին զեկուցած են  տեղի իրաւապահ   մարմիններուն նաեւ նկատած են, որ  սադրիչները     ջարդելու համար եկեղեցւոյ   ապակիները    օգտագործած են եկեղեցւոյ  բակին մէջ գտնուող      եւ Հայոց Ցեղասպանութեան     նահատակներու  յուշարձանին  սալահատակ-քարերը։

    Եղածին վերաբերեալ   բացուած է հետաքննութիւն, իսկ  շրջանի  հայկական մարմիններ  խստաոճ   հաղորդագրութիւններ հրապարակած են եղածին  վերաբերեալ։

 Նշենք, որ Սուրբ Յարութիւն  եկեղեցին  միակն է  Սիաթըլ քաղաքին մերձ  գտնուող  Ռէտմոնտ  շրջանին մէջ,   իսկ   այդ հատուածին  մէջ   կ՚ապրին շուրջ    3   հազար    հայ ընտանիքներ։

<a class=Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:” />

<a class=Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:” />

http://arevelk.am/am/content/2/5069/Միացեալ-Նահանգներ.—Ռէտմոնտի–Սուրբ-Յարութիւն—-եկեղեցին-յարձակումի-ենթարկուած.html?fbclid=IwAR3YSs4-jO11TXT3b57bvf3yqqTvfkPpjn0LKCWVw993mjh8NFYOR_LzaE4

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın