İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, 24 Ապրիլ թուականը նշուած է Աթոռոյս Եկեղեցական Օրացոյցին մէջ որպէս յիշատակի օր «Սրբոց Նահատակացն Ա. Համաշխարհային Պատերազմի» որոնք կորսնցուցած էին իրենց կեանքը վասն հաւատոյ։
Նկատի ունենալով երկրին, ընդ որս Ստանպուլի մէջ տիրող փողոց ելլելու արգելափակումը, սոյն յիշատակի օրուան առթիւ նախապէս արձանագրեալ Ս. Պատարագը պիտի սփռուի 24 Ապրիլ 2020, Ուրբաթ, ժամը՝ 10.30-ին Աթոռոյս այս համացանցի էջէն։ Ս. Պատարագին պիտի յաջորդէ «Սրբոց Բարեխօսութեան Կարգ»ը եւ ապա ժամը 12.30-ին, կենդանի սփռումով, Նորին Ապենապատուութեան պատգամը՝ օրուան առթիւ։  

Առ ի տեղեկութիւն կը յայտարարենք մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն։

Դիւան Պատրիարքութեան

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/?__tn__=kCH-R&eid=ARCrYeA5gt4A6VCzAS16T-XIXClLwoylwHMxx6BkTZ5GZI61mJztLqA8FzCk2tL_vbOL9-NsIpO02IqV&hc_ref=ARTVFS-CBpM4zL–7ln2XlJCv3Vf8Bongiysd43ASkEXiaHBy8cu-IYtPqj8lJQlX1o&fref=nf

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın